Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ընկերվար միջազգայնականի ԱՊՀ-ի Կովկասի եւ Սեւծովեան յանձնախումբի հերթական ժողովը տեղի ունեցաւ 3-4 Յունիսին, Թիֆլիսի մէջ, Վրաստանի Ընկերվար ժողովրդավարներ զարգացման համար կուսակցութեան հիւրընկալութեամբ:

Ժողովին մասնակցեցան ներկայացուցիչներ Մոլտաւիոյ, Պիելոռուսիոյ, Վրաստանի, Ուքրանիոյ, Ղազախստանի, Հայաստանի, Հունգարիոյ, Յունաստանի եւ Թուրքիոյ անդամ կուսակցութիւններէն, ինչպէս նաեւ իբրեւ հիւր՝ Ատրպէյճանի Ընկերվար ժողովրդավարական կուսակցութեան ներկայացուցիչները: Ներկայ էր նաեւ Ընկերվար միջազգայնականի ընդհանուր քարտուղար Լուիս Այալա:

Ժողովին մասնակից ՀՅԴ պատուիրակութեան մաս կը կազմէին ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան եւ ՀՅԴ Բիւրոյի Հայ դատի եւ քաղաքական հարցերու գրասենեակի պատասխանատու Կիրօ Մանոյեան: Ժողովին նախագահեցին յանձնախումբի համանախագահներ Վահան Յովհաննիսեան եւ Ալեքսանտրա Տոպոլի (Հունգարիա):

Յանձնախումբի այս ժողովը առաջինն էր Ընկերվար միջազգայնականի վերջին համագումարէն ետք:

Օրակարգի հարցերն էին.

1.- Ճշդել ԱՊՀ-ի, Կովկասի եւ Սեւ ծովու շրջանին մէջ ընկերվար ժողովրդավարութեան ներկայ առաջնահերթութիւնները եւ կատարելիքները:

2.- Շրջանին մէջ ժողովրդավարական պետութիւններու յաջողութեան պայքարի մարտահրաւէրները:

3.- Տագնապներու յաղթահարում-հիմնարար անհրաժեշտութիւն՝ դէպի արդար եւ բարեկեցիկ հասարակութիւն ձեւաւորելու ճամբուն վրայ:

4.- Շրջանի երկիրներու ազգային իրավիճակին մասին զեկուցումներ:

5.- Ներկայ ժամանակաշրջանին համար յանձնախումբի աշխատանքային ծրագիրը:

6.- Եզրակացութիւններ եւ ժողովի յայտարարութեան որդեգրում:

ՀՅԴ ներկայացուցիչները ելոյթներ ունեցան օրակարգի բոլոր հարցերուն շուրջ:

Ժողովի աւարտին որդեգրուեցաւ յայտարարութիւն շրջանին դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն եւ շրջանի տարբեր երկիրներուն մէջ ընկերվար ժողովրդավարութեան առաջնահերթութիւններուն մասին: