Հայաստանի նախագահ, Հայաստանի ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ հրաւիրեց Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի նիստ:
Նիստին ներկայ եղան վարչապետ Տիգրան Սարգսեան, Սահմանադրական դատարանի նախագահ Գագիկ Յարութիւնեան, փոխվարչապետ Արմէն Գէորգեան, Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արթուր Բաղդասարեան, նախագահի աշխատակազմի ղեկավար Վիգէն Սարգսեան, Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան տնօրէն Գորիկ Յակոբեան, ոստիկանապետ Վլատիմիր Գասպարեան, Զինեալ ուժերու ընդհանուր հրամանատար Եուրի Խաչատուրով:
Օրակարգի հարցերու շրջագիծին մէջ քննարկուեցան Հայաստանի ուժանիւթի անվտանգութեան եւ տեղական ինքնակառավարման հաստատութենական ամրապնդման հարցերը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան իր բացման խօսքին մէջ յայտնեց, որ ոչ ոք կը վիճարկէ երկրին մէջ առկայ բազմաթիւ դժուարութիւնները, սակայն նաեւ շեշտեց, որ Հայաստանի տնտեսական զարգացման միտումները խոստմնալից են եւ տնտեսութեան մէջ վերականգնուած է նախաճգնաժամային վիճակը: Ըստ նախագահ Սերժ Սարգսեանի, ատիկա չի նշանակեր, որ իրենք «պէտք է բաւարարուած ըլլան կամ նոյնիսկ գոհ»: «Մենք պէտք է մարզ առ մարզ մեր տնտեսութիւնը վերափոխենք թէ՛ ձեւի, թէ՛ բովանդակութեան առումով: Աստիճանաբար կարկուտներու հետեւանքներուն դէմ պայքարելու փոխարէն պէտք է սկսինք հակակարկտային ցանցեր արտադրել տեղւոյն վրայ եւ այլ բարեփոխումներ իրականացնել», յայտնեց Սերժ Սարգսեան:
Հայաստանի նախագահը անդրադարձաւ նաեւ Ատըրպէյճանին‘ մասնաւորաբար, այն հանգամանքին, որ «այդ երկրին իշխանութիւնները փոխանակ զբաղին սեփական հարցերով, լծուած են Հայաստանի հարցին դարման ըլլալու գործին»: Նախագահ Սարգսեան յայտնեց, որ 3-4 տարիէն շրջանին մէջ պատկերը լիովին պիտի փոխուի եւ Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ անոր:
«Փորձագէտները ատրպէյճանական անխուսափելի ֆիասքոյին արդէն երկու-երեք տարիէ ի վեր կը սպասեն: Հետեւելով դասական բռնապետութեան կանոններուն՝ այդ երկրին իշխանութիւնները զբաղած են միայն սեփական ժողովուրդին հայկական թշնամիի կերպար հրամցնելով եւ գարշահոտ պատկերացումներ տարածելով մեր մասին: Մինչդեռ Ատրպէյճանի մէջ դրուած հասարակական-քաղաքական եւ տնտեսական ականները կը սպառնան պայթիլ եւ պայթիլ շատ արագ ու կարծես՝ միաժամանակ: Քարիւղի եւ կազի արդիւնահանման քրոնիկ անկումին պայմաններուն մէջ դրացի պետութեան իշխանութիւնները կը շարունակեն կուտակած միջոցները այնպէս ծախսել, ինչպէս չէին կրնար ծրագրել նոյնիսկ անոնց հակառակորդները: Միւս կողմէ, կու գան անթաքոյց բռնապետութեան կամ բռնապետական դրութեան հետեւանքները: Ընդդիմախօսները բանտարկելը, ազատ մամլոյ գոյութեան մասին գրեթէ տեղեակ չըլլալը, հարկադրանքը, ահռելի փտածութիւնը կրկնակի ուժգնութեամբ պիտի յիշեցուին այս երկրին մէջ քարիւղի եկամուտի նուազման զուգընթաց», ըսաւ Հայաստանի նախագահը‘ աւելցնելով, որ եթէ երկու տարի առաջ ազրպէյճանցի երիտասարդները կը վախնային եւ կը լռէին, այսօր արդէն թէկուզ փոքր խումբերով, բայց արդէն կը քննարկեն, որ խօսք ըսելու ժամանակը շուտով պիտի գայ:
«Մենք պիտի շարունակենք մեր տնտեսութեան արդիականացումը եւ բազմազանութիւնը քանի մը տարի ետք սպասուող շրջանային նոր վերադասաւորումներուն մէջ աւելի նպաստաւոր պայմաններ ստանալու համար: Եւ մենք այդ ճամբուն վրայ ենք, ուր վայրկեան մը նոյնիսկ կանգնիլ կարելի չէ: Կարելի չէ յապաղիլ», ամփոփեց նախագահ Սերժ Սարգսեան: