Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Շրջանցուած է հայ-թրքական արձանագրութիւններու հարցը  

ԱՄՆ արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերրի Ուաշինկթընի մէջ ընդունած է Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեանի այցելութիւնը։

Համատեղ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին Քերրին ջերմ խօսքեր փոխանցելով իր հիւրին՝ անդրադարձած է Լեռնային Ղարաբաղի խնդրին, շեշտելով, որ կը փափաքին հասնիլ Լեռնային Ղարաբաղի սառեցուած խնդրի հանգուցալուծման։

Ան յատուկ շեշտած է բոլոր կողմերու խօսքերը, ըսելով որ նկարի ունի ոչ միայն Ատրպէյճանը, այլեւ՝ Թուրքիան, Ռուսաստանը եւ Իրանը։ Քերրի որեւէ խօսք չէ ըսած հայ-թրքական յարաբերութիւններու եւ արձանագրութիւններու մասին։ Հակառակ ատոր, Է. Նալբանդեանը կարեւորած է հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորումը՝ առանց նախապայմաններու, Ղարաբաղեան հարցի լուծումը՝ ուժի բացառման, ինքնորոշման իրաւունքի եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներու հիման վրայ։