ԵՐԵՒԱՆ.– Ազգային վիճակագրական ծառայութիւնը արձանագրած է, որ 2013ի Յունուար-Մարտին հանրապետութիւն ժամանած զբօսաշրջիկներուն թիւը աճած է 22.9 տոկոսով՝ կազմելով 128.2 հազար:
Այդ ժամանակաշրջանին Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն 38 տոկոսը եկած են ԱՊՀ երկիրներէն, 27.3 տոկոսը՝ Եւրոպական միութեան երկիրներէն եւ 34.7 տոկոսը՝ այլ երկիրներէ։
Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն ընդամէնը 15.8 տոկոսը կեցութիւն հաստատած են պանդոկներու եւ հանգստեան տուներու մէջ, մնացած մասը՝ 84.2 տոկոսը, մնացած է բարեկամի կամ հարազատի տան մէջ, վարձու բնակարաններուն մէջ: Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն հիմնական մասը հարազատներ տեսնելու համար եկած ըլլալու հանգամանքը կը վկայէ ԱՊՀ երկիրներէն այցելուներու թիւի կրկնապատկումին մասին, մասնաւորապէս Ռուսիայէն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը աւելցած է 85 տոկոսով, Ուքրանիայէն՝ 30.6 տոկոսով: Նուազած է եւրոպական երկիրներէն Հայաստան այցելած զբօսաշրջիկներուն թիւը՝ 5.3 տոկոսով, իսկ այլ երկիրներէ՝ 25.8 տոկոսով: 2013ի առաջին եռամսեակին Հայաստան այցելած է 10.1 հազար իրանցի, մինչ նախորդ տարի անոնց թիւը 15.44 հազար էր