Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայիս 29, 2013-ին Եւրոպական խորհրդարանին մէջ իրականացաւ «Հայոց ցեղասպանութիւն՝ ազգերու հաշտեցման կամուրջ» խորհրդաժողովը, համակազմակերպութեամբ Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբին եւ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակին:

Ձեռնարկին հովանաւորութիւնը ստանձնած էին Եւրոպական խորհրդարանի Հայաստանի հետ բարեկամութեան խումբի նախագահ դոկտ. Էլենի Թէոխարուս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովրդական կուսակցութիւն) եւ Անտրէաս Փիցիլիտիս (Կիպրոս, Եւրոպայի ժողովըրդական կուսակցութիւն): Ներկայ էր նաեւ Հայաստանի Ազգային ժողովէն պատուիրակութիւն մը, որ Պրիւքսէլ կը գտնուէր Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստին մասնակցելու համար:

Ձեռնարկին բացումը կատարեց Թէոխարուսի օգնական Մերի Փանուսի, որ կարեւոր նկատեց ձեռնարկը, յատկապէս անոր խորհուրդը: Ապա ողջոյնի խօսք ուղղեց Էլենի Թէոխարուս, որ կեդրոնացաւ հաշտեցման վրայ եւ շեշտեց, որ հայերուն դէմ գործուածը մարդոց կողմէ՝ մարդկութեան դէմ ոճիր մըն է, որ իրագործուած է, եւ թէ նման ոճիրները պէտք է ապագային կանխարգիլել կրկնուելէ՝ իսկական եւ իրաւական պայմաններու վրայ հիմնուելով, այլ ո՛չ թէ անցեալը մոռացութեան մատնելով՝ կեղծ հաշտութեան սիրոյն:

Պելճիքայի եւ Լիւքսեմպուրկի թագաւորութիւններու, ինչպէս նաեւ Եւրոպական Միութեան մօտ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպան Աւետ Ատոնց նշեց, որ հայ ժողովուրդին պայքարը համամարդկային է, ցեղասպանութիւններ կանխարգիլելու նպատակ ունի: Դեսպանը նաեւ նշեց, որ Հայոց ցեղասպանութիւնը անցեալին չի պատկանիր եւ տակաւին կը շարունակուի մեր ամէնօրեայ կեանքին մէջ:

Խորհրդաժողովին կեդրոնական պատգամաբերն էր Ֆրանսայի Ազգային ժողովի անդամ, Ֆրանսայի խորհրդարանին մէջ Հայոց ցեղասպանութեան ժխտման քրէականացման օրէնքի նախագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ, որ յատկապէս ըսաւ, թէ Ֆրանսան պէտք է վաւերացնէ Եւրոպական Միութեան որոշում-շրջանակը, որով կը պահանջուի պայքարիլ օտարատեացութեան եւ ցեղապաշտութեան դէմ:

Ելոյթ ունեցաւ նաեւ Լուվեն լա Նէօվ համալսարանի դասախօս, պատմագէտ փրոֆեսէօր Պեռնար Քուլի, որ պատմական ակնարկ նետեց՝ անդրադառնալով Օսմանեան կայսրութեան փոքրամասնութիւնները հալածանքի ենթարկելու քաղաքականութեան՝ նշելով, որ զոհն ու ոճրագործը չեն կրնար մոռնալ անցեալը: Ֆրանսայի հայ իրաւաբաններու եւ դատաւորներու միութեան անդամ, իրաւաբան Սեւակ Թորոսեան իր ելոյթին ընթացքին անդրադարձաւ ցեղասպանութիւններու ժխտման քրէականացման իրաւական հիմքերուն՝ նշելով, որ ժխտումը ցեղասպանութեան վերջին քայլն է:

Ողջոյնի իր խօսքին մէջ Եւրոպայի Հայ դատի յանձնախումբի գրասենեակի նախագահ Գասպար Կարապետեան ըսաւ, որ թուականը նկատի առնելով, պէտք է շնորհաւորել ներկաները Հայաստանի Հանրապետութեան հիմնադրութեան 95-ամեակին առիթով, նշելով այն օրերու նուաճումները՝ մարդկային իրաւունքներու, ժողովըրդավարական հասկացողութեան եւ ըմբռնումներու, հասարակական կառավարման յառաջդիմական քաղաքականութեան, կիներու ընտրելու եւ ընտրուելու իրաւունքի, կրթական համակարգին մէջ: Իսկ անդրադառնալով խորհրդաժողովին օրակարգին շեշտեց, որ Թուրքիան օրուան պատշաճ պատգամը պիտի ստանայ բանախօսներէն, որ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչումով եւ հատուցումով միայն կարելի է շրջանին մէջ կառուցել հաշտութեան կամուրջը:

Հայաստանի պատուիրակութեան անունով խօսք առաւ Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեան, որ ողջունեց նման խորհրդաժողովի մը կազմակերպումը Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ եւ նշեց, որ միայն ճանաչումով եւ հատուցումով իսկական հաշտութիւն գոյութիւն կրնայ ունենալ երկու երկիրներուն միջեւ եւ շրջանին մէջ:

Առիթ տրուեցաւ ներկաներուն հարցումներ ուղղելու պատգամաբերներուն: