Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան Տաճիկիստանի մայրաքաղաք Տուշանպէյի մէջ  կազմակերպուած ԱՊՀ 20րդ երկիրներու գագաթնաժողովին մէջ յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղը արեան գնով նուաճեց անկախութեան իրաւունքը։
«Ռեկնում» գործակալութեան փոխանցմամբ, Հայաստանի նախագահը յիշեցուց, որ 20 տարի առաջ՝ այս օրերուն, Լեռնային Ղարաբաղը անկախութիւն հռչակեց։


«Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդը բոլոր հիմքերն ունենալով՝ օգտուել է ինքնորոշման իր իրաւունքից եւ արեան գնով նուաճել է անկախ գոյատեւման իր իրաւունքը», - ընդգծեց Հայաստանի նախագահը։
Սերժ Սարգսեանի ելոյթը յարուցեց գագաթնաժողովին մասնակցող Ատրպէյճանի վարչապետ Արթուր Ռասիզադէի դժգոհութիւնը։ Վերջինը յայտարարեց, որ Հայաստանի նախագահի խօսքերը հարցականի տակ կը դնեն ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման միջնորդական առաքելութիւն իրականցնող ԵԱՀԿ-ի Մինսկի խումբի գործունէութիւնը եւ նմանատիպ խաղաղարար նախաձեռնութիւնները։
Յիշեցնենք, որ Ատրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւը չէ մասնակցած Դուշանբէի գագաթնաժողովին։ Ատրպէյճանի նախագահի գրասենեակը գագաթնաժողովին չմասնակցելու՝ Ալիեւի որոշման վերաբերեալ պաշտօնական պարզաբանումներ չի ներկայացուց, սակայն ատրպէյճանական եւ ռուսական մամուլի հրապարակումներուն կը նշուի, որ Ալիեւը այսպիսով իր դժգոհութիւնը կÿարտայայտէ ղարաբաղեան հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացէն եւ Ռուսաստանի միջնորդական ջանքերէն:
Դուշանբէի մէջ տեղի ունեցող գագաթնաժողովը յոբելենական է՝ այն նուիրուած է Անկախ պետութիւններ համագործակցութեան (ԱՊՀ) ձեւաւորման 20-ամեակին։ Գագաթնաժողովին ներկայ են ԱՊՀ 11 անդամ երկիրներէն 8-ի՝ Հայաստանի, Ռուսաստանի, Ուքրանիայի, Ղազախստանի, Ղրղըզստանի, Թուրքմենստանի, Մոլտովայի եւ Տաջիկստանի նախագահները:


ԲԱՐՁՐԱՍՏԻՃԱՆ ԱՅՐԵՐ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ԱՐԹՈՒՐ ՄԿՐՏՉԵԱՆԻ ՇԻՐԻՄԸ

Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան մայրաքաղաք Ստեփանակերտի մէջ Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախագահ Բակօ Սահակեանի, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Հայաստանի նախկին նախագահ Ռոպերթ Քոչարեանի, Լեռնային Ղարաբաղի նախկին նախագահ Արկադի Ղուկասեանի, Ամենայն հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսի եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան հռչակման 20-ամեայ յոբելեանին մասնակցելու նպատակով Հայաստանէն, արտերկրէն ժամանած հիւրերու ու արցախահայութեան հետ Վերածնունդի հրապարակէն հանդիսաւոր քայլերթով այցելած է Ստեփանակերտի յուշահամալիր:
Սերժ Սարգսեան յարգանքի տուրք մատուցած է Արցախի անկախութեան համար զոհուած հայորդիներու յիշատակին, ծաղիկներ դրած Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Գերագոյն խորհուրդի առաջին նախագահ Արթուր Մկրտչեանի եւ արցախեան ազատամարտի նահատակներու շիրիմներուն: Այս մասին կը յայտնեն նախագահի մամուլի գրասենեակէն: