Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Պրիւքսելի մէջ Չորեքշաբթի օր Եւրոպական խորհրդարանը աւարտեց Արեւելեան գործընկերութեան Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի 3-րդ լիագումար նիստը, ուր կը մասնակցէր նաեւ հայկական պատուիրակութիւնը:

Եւրանեսթ խորհրդարանական վեհաժողովի փոխ նախագահ, Ազգային ժողովի Հ. Յ. Դաշնակցութիւն խմբակցութեան անդամ Վահան Յովհաննիսեանը «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ընթացքին դրական գնահատեց նիստի արդիւնքները՝ շեշտելով, որ այս օրերուն Պրիւքսելի մէջ հայկական պատուիրակութիւնը կարողացաւ համաձայնութեան գալ շարք մը կարեւոր հարցերու շուրջ:

«Բոլոր ատրպէյճանական բանաձեւերը՝ հակաղարաբաղեան, որտեղ Հայաստանի մասին խօսւում էր որպէս ագրեսոր (յարձակողապաշտ) պետութիւն, «օկուպացուած (գրաւուած) տարածքներ», դրանք բոլորը թափեցին դուրս, եւ ընդհանուր առմամբ հաւասարակշռուած նորմալ փաստաթըղթեր ընդունուեցին: Եւ ամենակարեւոր խնդիրը, որ մենք դրել էինք, այսօր վերջնականապէս լուծուեց՝ յաջորդ նիստը, Եւրանեսթի խորհրդարանական վեհաժողովի լիագումար նիստը՝ լինելու է Երեւանում, յաջորդ տարուայ աշնանը», - փոխանցեց Վահան Յովհաննիսեանը:

Դաշնակցութեան դրական գնահատականին «Ազատութիւն» ռատիոկայանի հետ զրոյցին ընթացքին համաձայնեցան պատւիրակութեան անդամ բոլոր քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչները:

Յիշեցնենք, թէ Եւրանեսթը բազմակողմա- նի խորհրդարանական համագործակցութեան հարթակ է, Եւրոպական խորհրդարանը եւ Արեւելեան գործընկերութեան երկիրներու պատգամաւորական պատուիրակութիւնները միաւորող կառոյց, որուն   կ'անդամակցին Արեւելեան գործընկերութեան բոլոր երկիրները՝ բացառութեամբ Պելառուսի, եւ կը քննարկէ մարդու իրաւունքներուն, տնտեսութեան, ուժանիւթի, անվըտանգութեան ու մշակոյթին վերաբերող հարցեր: Սովորաբար Եւրանեսթի նիստերը կ'ուղեկցուին ատրպէյճանական պատուիրակութեան հակահայկական ելոյթներով:

Դաշնակցական պատգամաւորի կարծիքով՝ «ապագայում նախատեսուած լիագումար նիստը Երեւանում պէտք է լաւապէս օգտագործել Հայաստանի, հայութեան, Լեռնային Ղարաբաղի քարոզչութեան համար»: