Հ.Յ.Դ. կը պահանջէ՝ ընկերային պայմաններու բարելաւում, գործազրկութեան եւ արտագաղթի ցուցանիշերու նուազում
Շաբաթ, 3 Սեպտեմբերին Գիւմրիի Թատերական հրապարակին վրայ կայացած Հ.Յ. Դաշնակցութեան հանրահաւաքին Հ.Յ.Դ. գործիչները հաստատեցին, որ կը նախաձեռնեն Հայաստանի տարածքին հանրահաւաքներու շարքի մը եւ որովհետեւ Շիրակի մարզը կը նկատուի Հայաստանի ամէնէն աղքատ մարզերէն մէկը, ՀՅԴ-ն իր պայքարը պիտի սկսի Գիւմրիէն:
Անոնց հաւաստումով, ՀՅԴ-ի հիմնական նպատակը ներկայ իշխանութիւնները հեռացնելն ու երկրին մէջ արդար կարգեր հաստատելն է:
ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեանի կարծիքով, իշխանական բուրգը պէտք է հեռանայ վերէն վար, այդ ժամանակը արդէն հասունցած է եւ այդ նպատակին հասնելու համար հայ ժողովուրդը պէտք է միասնական ոտքի կանգնի ու պայքարի այս վարչակարգին դէմ:
«Մեր նպատակը ամբողջական իշխանափոխութիւնն է» կարգախօսով սկսած հանրահաւաքին ըն-թացքին լոզունգներ հնչեցին ընկերային պայմաններու բարելաւման, գործազրկութեան եւ արտագաղթի ցուցանիշերու նուազեց-ման կապակցութեամբ:
Ելոյթներով հանդէս եկան նաեւ Ազգային ժողովի Դաշնակցութեան պատգամաւորներ Արծուիկ Մինասեանը եւ Արմէն Ռուստամեանը։
Հայաստանի Ազգային ժողովի Հ.Յ.Դ. խմբակցութեան անդամ Արծուիկ Մինասեան իր ելոյթին մէջ անդրադարձաւ Հայաստանի ընկերային-տնտեսական ծանր վիճակին, գնաճին եւ սաստկացող արտագաղթին: Այս վիճակը, ըստ ՀՅԴ-ի ներկայացուցիչներուն, ապացոյցն է այն բանին, որ բոլորէն փրկութեան միակ միջոցը օր առաջ այս իշխանութիւններէն ազատիլն է:
Ա. Մինասեան նշեց, որ արտագաղթի, աղքատութեան ցուցանիշը կտրուկ աճ արձանագրած է այս իշխանութիւններու օրով։ Ան դիտել տուաւ թէ անցած երկու եւ կէս տարիներուն ընթացքին Հայաստանը լքած է աւելի քան 78 հազար մարդ, պաշտօնական տուեալներով աղքատութիւնը Հայաստանի մէջ 35% տոկոս է, բայց ոչ պաշտօնական տուեալներով՝ 60% տոկոս: Արծուիկ Մինասեանը որպէս ստեղծուած իրավիճակի լուծում առաջարկեց օր առաջ այս կառավարութեան «տուն ճանապարհելը»:
Հ.Յ.Դ. Գերագոյն մարմնի այլ անդամ Արմէն Ռուստամեանը եւս աւելցուց, կուսակցութեան խմբակցութիւնը դարձեալ պիտի բարձրացնէ կառավարութեան անվստահութիւն յայտնելու հարց՝ Ազգային Ժողովէն ներս։ Ըստ Արմէն Ռուստամեանի, հայ ժողովուրդի հիմնական հարցը միաւորումն ու կազմակերպումն է: Ժողովուրդին միաւորող շարժում չկայ, ինչ որ հիասթափութեան մատնած է մարդոց եւ անոնք՝ ստիպուած կը թողնեն ու կը հեռանան երկրէն: «Եթէ ամէն մէկը հասկանայ, որ իր քուէն ուժ է, չվախենայ, չվաճառի, ապա շատ հէշտ կարելի է հասնել իշխանափոխութեան», յայտարարեց Ռուստամեանը։
Վերջաւորութեան հանրահաւաքի կազմակերպիչները նշեցին, որ մնացեալ մարզերէն ներս ալ պիտի շրջին՝ այս գաղափարները քարոզելու եւ մարդկանց միաւորելու նպատակով: