Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Աննախադէպ բարձր ցուցանիշ  Յունուար-Ապրիլ ամիսներուն մէջ երկրէն մեկնածներու թիւի

Յունուարէն-Ապրիլ երկարող չորս ամսուայ ժամանակամիջոցին մէջ Հայաստանէն մեկնած է 229.864 մարդ: Նախորդ տարույ նոյն ժամանակահատուածին այդ թիւը՝ 8.542 էր:

«Զուարթնոց» միջազգային օդանաւակայանէն հաղորդուած է թէ նշուած ժամանակամիջոցին փոխադրուած է 423.313 ուղեւոր՝ 2012 թուականի նոյն ժամանակահատուածի 430.515 ուղեւորի համեմատ: Նոյն ժամանակ, ըստ Քաղաքական օդանաւորդութեան գրասենեակի տուեալներուն՝ Հայաստան ժամանած է 193.449 մարդ՝ 2012 թուականի 645.632-ի դիմաց:

Թռիչքներու ու վայրէջքներու ընդհանուր թիւը օդանաւակայանէն ներս Յունուար- Ապրիլին կազմած է 2.523::