Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Դրոյի գերեզմանին մօտ աւելի քան երկու տասնեակ երիտասարդներ երդում կատարեցին համալրելով Հ.Յ.Դ. Ուսանողական միութեան շարքերը: Վայրը պատահական չէր, օրը՝ նոյնպէս:

Այսպէս եղած է միշտ. պատմութիւնը ինքը ընտրած է իր յաղթանակները կերտողներուն, որոնք իրենց շուրջ հաւաքած են զինուորին, շինականին, եւ անյուսալի պահուն տէր կանգնած են հայրենի հողին:

1918 թուականի հերոսամարտերը ղեկավարուեցան այսպիսի հերոսներու կողմէ: Ճակատագրական պահուն, երբ յայտնի կը դառնար թէ ոչ մէկ ուժ արգելք պիտի չդառնար թուրքի ճանապարհին՝ Դրոն ոտքի հանեց գրեթէ բոլոր զինուած խումբերը: Այս խորհուրդն էր որ փոխանցուեցաւ՝ յեղափոխական երգերով դէպի Դրոյի գերեզմանը առաջնորդուած երիտասարդներուն:

Հերոսական պատմութիւն կերտելը դժուար է, բայց առաւել պատասխ անատու է այն պահպանելու առաքելութիւնը: Այս իրականութեան պէտք է գիտակցին հայութեան ծառայելու պատրաստակամութիւն յայտնած երիտասարդները: