Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ռազմական վարժողական ծրագրերու ցուցադրութեամբ, պարգեւատրումներով եւ լրագրողներուն ու հետաքրքրուողներուն համար տեղեկութիւններու փոխանցումով յատկանշուեցաւ Արտաշատի սահմանապահ զօրամասի բաց դռներու օրը:

Երէկ, կանուխ առաւօտեան ժամերէն, տօնական տրամադրութեամբ իրագործուեցաւ ծրագիրը, որու ամէնէն հետաքրքրական մասերը եղան երիտասարդ ծառայողներու ռազմական ցուցադրութեան բաժինները: