Այս ամառ Հայաստան ճամբորդողները կրնան դժուար կացութեան մատնուիլ, քանի որ օդանաւային արտասահմանեան ընկերութիւնները բարձր գիներով պիտի վաճառեն տոմսերը:
Այս հարցի մասին հաղորդած է օդային հաղորդակցութեան հանրային խորհուրդի նախագահի տեղակալ Իզապելլա Մուրատեան։ «Եթէ չունենանք մեր ազգային օդանաւային ընկերութիւնը մենք կը կորցնենք շուկան», ընդգծած է Ի. Մուրատեան, աւելցնելով որ թէեւ վերոնշեալ ընկերութիւնները կը հաւաստիացնեն, որ գիները չեն սղիր, սակայն անոնք արդէն դադրեցուցած են աժան տոմսերու վաճառքը, ձգելով միայն բարձր կարգի տոմսերը։
«Կարելի չէ առարկայականօրէն ըսել թէ տոմսերը չեն թանկացել, բայց դրանք ուղեւորների համար աւելի թանկ են», ըսած է Մուրատեան։
Ինչ կը վերաբերի 2012ին եւրոպական երեք ընկերութիւններու՝ «British Airways»ի, «LOT-Polish Airlines»ի եւ «Air Baltic» հայկական շուկայէն հեռանալուն, Մուրատեան յայտնած է, որ վերջին երկուքը նիւթական պատճառներով հեռացած են, իսկ բրիտանական ընկերութիւնը արդէն քանիցս ըսած էր, թէ հայկական շուկան զինք չի հետաքրքրեր։
Միւս կողմէ, Հայաստանի քաղաքացիական օդուժի գլխաւոր վարչութենէն կը տեղեկացնեն, թէ կառավարութիւնը բանակցութիւններ կը վարէ եւրոպական օդանաւային ընկերութեանց հետ՝ տոմսերու գիները պակսեցնելու նպատակով։