Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Արցախի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան պատուիրակութիւնը՝ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեանի գլխաւորութեամբ, կը մասնակցի Աբխազիոյ Հանրապետութեան արտաքին քաղաքական նախարարութեան ստեղծման 20րդ տարեդարձին նուիրուած ձեռնարկներուն:

Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան կողմէ փոխանցուած լուրերուն համաձայն, Միրզոյեանը ելոյթ ունեցած է 17 Մայիսին կայացած հանդիսաւոր նիստին ընթացքին. ան շնորհաւորած է աբխազ գործընկերները՝ յոբելեանի առիթով եւ նշած, որ Արցախի մէջ մեծ ուշադրութեամբ կը հետեւին Աբխազիոյ մէջ տեղի ունեցող իրադարձութիւններուն՝ ուրախանալով արձանագրուած յաջողութիւններուն համար:

«Վերջին տարիներին աշխարհում տեղի ունեցող իրադարձութիւնները ապացուցում են, որ ժողովրդի ինքնորոշման իրաւունքի իրականացումը շարունակում է մնալ միջազգային վէճերի լուծման ամենաօպտիմալ միջոցը», յայտնած է նախարարը: Հարաւային Կովկասում կայունութեան կարելի է հասնել տարածաշրջանային համագործակցութեան միջոցով», յայտարարած է ան։

Իր խօսքին մէջ Միրզոյեան ընդ- գծած է, թէ խաղաղ կարգաւորումը ընդհանուր գերակայութիւն է երկու հանրապետութիւններուն համար: «Մենք շահագրգռուած ենք, որ Հարաւային Կովկասը լինի կանխատեսելի, կայուն, բարեկեցիկ, իսկ դա կարող է լինել տարածաշրջանային համագործակցութեամբ՝ հիմնուած ներգրաւման, այլ ոչ բացառման սկըզբունքի վրայ: Ազգային վերածննդի շարժումը, որ միաւորում է Աբխազիայի եւ Ղարաբաղի ժողովուրդներին ընդհանուր իդէալների եւ սկզբունքների շուրջ, աւարտուեց անկախութեան ձեռքբերմամբ», յայտնած է Միրզոյեան։

Նախարարը նկատել տուած է, թէ այսօր արտաքին քաղաքական դաշտին մէջ Լեռնային Ղարաբաղի եւ Աբխազիոյ դիմաց կայ առանցքային խնդիր մը՝ միջազգային հանրութեան կողմէ հասնել ճանաչման եւ դառնալ անոր լիիրաւ անդամը:

Նոյն օրը Արցախի պատուիրակութիւնը հանդիպում ունեցած է Աբխազիոյ արտաքին գործոց նախարար Վեաչեսլաւ Չիրիկպայի հետ. կողմերը քննարկած են երկու եր- կիրներու արտաքին քաղաքական նախարարութիւններու հետագայ փոխգործակցութեան հեռանկարները եւ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող հարցեր:

Յոբելեանի ծիրին մէջ տեղի ունեցած է Արցախի, Աբխազիոյ, Հարաւային Օսեթիոյ եւ Մերձտնեսթրի արտաքին գործոց նախարարներու նիստ, որուն ընթացքին քննարկուած են երկկողմանի եւ բազմակողմանի համագործակցութեան զարգացման ու ամրապնդման առնչուող հարցեր:

Այցելութեան ընթացքին կայացած է նաեւ արցախեան պատուիրակութեան հանդիպումը Աբխազիոյ հայկական համայնքին հետ: