Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Գոդեձորի մէջ հնագիտական ուսումնասիրութիւնները կը շարունակուին: Այն Հայաստանի մէջ միակ յուշարձանն է, որու շերտերը կը թուագրուին Ք.ա 3600-3400 թուականները: Հէնց գոդեձորեան ուսումնասիրութիւնները կը պատկերացնեն այդ ժամակաշրջանին մէջ ապրած մարդու կենսակերպի, ստեղծագործական մտքի, նաեւ՝ գեղագիտական ընկալումներուն մասին: Գոդեձորի մէջ ապրող մարդը ոչ միայն զբաղած է անասնապահութեամբ եւ երկրագործութեամբ, այլեւ՝ առեւտուրով: Կենդանիներու յայտնաբերուած ոսկորները ցոյց տուին, որ անոնք այդ ժամանակներուն օգտագործուած են որպէս գրաստ։


«Հայաստանը չափազանց հարուստ էր վանակատով, վանակատի հումքով եւ շատ դժուար է պատկերացնել, որ, թէ ոնց էր կատարւում դրա տարածումը։ Հայաստանի վանակատը՝ օբսի- տիանը, օգտագործուել է մինչեւ հարաւային Իրան, մինչեւ Պաղեստին, Միջերկրականի ափերով, բայց որեւէ օրինաչափութիւն չկայ։ Դժուար է պարզել, թէ ինչպէս էր կատարւում այդ վանակատի տեղափոխութիւնը, որեւէ տուեալ չկայ: Գոդեձորցիները լաւ գաղափար են ունեցել ինչպիսի հումք բերել այստեղ եւ ինչ տանել հումք չունեցող բնակավայրեր»,- ըսաւ Քալիֆորնիայի համալսարանի հնագիտութեան ինստիտուտի փոխ տնօրէն, հնագիտութեան փրոֆեսոր Գրիգոր Արեշեանը:
Վաղ պրոնզի դարի նախադուռը համարուող յուշարձանին մօտ յայտնաբերուած են ամբողջ Կովկասին մէջ  առայժմ յայտնաբերուած ամէնահին դրոշմակնիքները, որը կը վկայէ ժամանակի հասարակութեան սոցիալական կազմի բարդութեան մասին, այն մասին, որ այդ ժամանակի մարդը արդէն կնիքում էր ինչ-որ բան՝ կը փաստէր իր սեփականութիւնը:

ՄՇԱԿՈՅԹԻ ԲԱՐՁՐ ՆՄՈՒՇՆԵՐ

Հին գոդեձորցիներու գեղագիտական զգացումներու եւ ընկալումներու մասին կը հաւաստեն յայտնաբերուած դեկորատիւ- կիրառական արուեստի նմուշները. ոսկրի գործիքներ յայտնաբերուած են, որոնք շատ իւրահատուկ են: Ամէն տարի Գոդեձորի մէջ 500 քկ-է մինչեւ 1000 քկ նիւթ կը բացուի: Նորանոր բացայայտումներ կը կատարուին: Իւրահատուկ դրսեւորումներ ունի գոդեձորեան ճարտարապետութիւնը: Կը բացուին բազմազան՝ փայտաշէն եւ քարաշէն կառոյցներու հետքեր:
«Հնավայրը գալիս է լրացնելու պղնձէ քարի դարի աւարտական փուլի հատուածը»,- կը նշէ ԱԱ հնագիտութեան եւ ազգագրութեան ինստիտուտի տնօրէն, արշաւախումբի ղեկավար Պաւել Աւետիսեանը, զուգահեռներ բերելով Արենիի քարայրի հնավայրի հետ, որու վերին շերտերը նոյնպէս կը վերաբերին պղնձեքարեդարեան ժամանակաշրջանին։
Հոն ուր կÿաւարտի Արենի 1 քարայրը, կը սկսի Ներքին Գոդեձորը: Հէնց այդ երկու յուշարձաններն ալ պատկերացում կու տան 5-րդ հազարամեակի վերջէն մինչեւ 4-րդ հազարամեակի կէսին ինկած ժամանակահատուածի մասին: