Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի համանախագահները անցնող շաբաթավերջին Քրաքով քաղաքին մէջ հանդիպում մը ունեցան Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հետ:

Ժագ Ֆոր (Ֆրանսա), Իկոր Փոփով (Ռուսիա), Իան Քելի (ԱՄՆ. Իան Քելի ժամանակաւոր կերպով կը փոխարինէ ամերիկացի համանախագահ Ռոպըրթ Պրատքին, մինչեւ նոր անձի մը նշանակումը) եւ ԵԱՀԿի գործող նախագահի անձնական ներկայացուցիչ Անճէյ Քասփըրչիք նախարարներուն հետ քննեցին բանակցութիւնները առաջ մղելու կարելիութիւնները:

Նախարարները միտքեր փոխանակեցին ընթացիկ իրավիճակին վերաբերեալ եւ վերահաստատեցին իրենց հաւատարմութիւնը խաղաղութեան գործընթացին նկատմամբ:

Համանախագահները դարձեալ յայտարարեցին, թէ լարուածութիւնը սրող կամ խաղաղ գործընթացին վնասող գործողութիւններէն կամ հռետորաբանութենէն պէտք է հեռու մնալ:

Միջնորդները նաեւ քննարկեցին վստահութեան ամրապնդման շարք մը միջոցներ, որոնք կրնան նպաստել բարենպաստ մթնոլորտի ստեղծման:

Համանախագահները Մայիսի վերջաւորութեան դարձեալ պիտի այցելեն տարածաշրջան, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի նախագահներուն հետ քննելու համար Արցախի տագնապը: