Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 Մայիսի 19ի Պոնտոսցի յոյներու ցեղասպանութեան յիշատակութեան օրուայ առիթով Արեւմտահայոց հարցերու ուսումնասիրութեան կեդրոնը այսօր Մայիս 17-ին, ժամը 18:00-ին Երեւանի իր կեդրոնին մէջ կը կազմակերպէ սեմինար՝ «Երկու ժողովուրդ, մէկ ճակատագիր. յոյներու ցեղասպանութիւնը (1914-1923 թթ.)» խորագրով:

Սեմինարի բանախօսներն են՝ Գէորգ Վարդանեան (Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող, թեման՝ «Յոյներու ցեղասպանութիւնը 1914-1923 թուականներուն. ընթացքը եւ հետեւանքները»:

2. Թեհմինէ Մարտոյեան
Պատմական գիտութիւններու թեկնածու, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-ինստիտուտի աւագ գիտաշխատող, թեման՝ «Զուգահեռ ցեղասպանութիւն. յոյն եւ հայ բնակչութեան ոչնչացման քաղաքականութեան իրագործումը Զմիւռնիայում (1922թ. Սեպտեմբեր)»:

3. Յովիկ Գասապեան
Հ.Յ.Դ. Յունաստանի Հայ Դատի յանձնախումբի ներկայացուցիչ, թեման՝ «Հայ Դատի Յանձնախումբի համագործակցութիւնը պոնտոսցի յոյներու կազմակերպութիւններու հետ. մտածումներ եւ մօտեցումներ»: