Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Կառավարութեան նիսին զուգահեռ գործադիրի շէնքին դիմաց բազմամարդ բողոքի ցոյց մը տեղի ունեցաւ երէկ, կազի սակագինի սղութեան վերաբերեալ:


Նախաձեռնութիւնը ինքնաբուխ էր եւ ժողովուրդը հաւաքուեցաւ, երբ ի յայտ եկաւ «ՀայՌուսգազարդը»ի դիմումը կազի գինը բարձրացնելու առումով:

«Ինչքան Շատ Այս Իշխանութիւնները Փոխուին, Այնքան Շուտ Իրավիճակի Փոփոխութեան Մասին Կարելի Է Խօսիլ» Կ՛ըսէ Արմէն Ռուստամեան 

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ Արմէն Ռուստամեան Հայաստանի կառավարութեան շէնքին առջեւ տեղի ունեցած բողոքի ցոյցին ընթացքին խօսեցաւ «Երկիր»-ին յայտնելով, որ կազի թանկացումը նախ ցոյց կու տայ Հայաստանի կառավարութեան թէ՛ արտաքին, թէ՛ ներքին քաղաքականութեան ձախողութիւնը:

Ան նշեց, որ քանի մը ամիս առաջ, երբ կառավարութիւնը կը քննարկէր իր ծրագիրները՝ պիւտճէի, պաշտօնական քաղաքականութեան վերաբերեալ, յստակ չէր, որ կրնար այսպիսի բան պատահիլ: Ընդհակառակը՝ կանխատեսումները շատ աւելի լաւատեսական էին:

«Հիմա այս ամէնը ցոյց կու տայ, որ իշխանութիւնը իսկապէս երկու տիպի քաղաքականութիւն կը վարէ. մէկը՝ առերեւոյթ, երեւցող՝ քաղաքական, միւսը՝ ի-րական, որ կործանարար ընթացքի մէջ դրած է մեր երկիրը: Եւ յստակ է, որ նոյնիսկ պաշտօնական տուեալներով՝ 35 առ հարիւր աղքատութիւն կայ, իսկ ես կը կարծեմ, որ շատ աւելի է, որովհետեւ իրենք կը խուսափին աղքատութեան նուազագոյն շեմը որոշել կենսաապահովման նուազագոյն զամբիւղի յարաբերութեամբ. երբ այդպէս ընեն, յստակ կը դառնայ, որ աղքատութեան թիւը առնուազն պէտք է կրկնապատկել: Ու այդ ժամանակ խօսիլ թանկացումներու մասին ներքին անվտանգութեան հարց է: Կարծես, կը փորձեն ժողովուրդին դիմադրողականութիւնը՝ թէ որքան կրնայ դիմանալ: Այս տրամաբանութիւնը այսպէս կարելի չէ շարունակել», ըսաւ Արմէն Ռուստամեան:

Իր կարգին, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեան բողոքի ցոյցին ընթացքին յայտարարեց, որ ասիկա հասարակութեան ընդվզումն է Հայաստանի մէջ իրականացուող քաղաքականութեան դէմ: