ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան մամուլին խօսելով, ըսաւ որ աւագանիի ընտրութիւններուն ընտրախախտումները տեղի ունեցած են տեղամասերէն դուրս:
Այդ պատճառով ալ Դաշնակցութիւնը, ի տարբերութիւն Հայ ազգային քոնկրեսի եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքի, ոչ մէկ տեղամասի քուէարկութեան արդիւնքներու վերահաշուարկ չպահանջեց: Արսէն Համբարձումեան յայտնեց, որ տեղամասային ընտրական յանձնախումբի աշխատանքները, քարոզարշաւը բնականոն ընթացքի մէջ տեղի ունեցած են, բայց հիմնական խախտումները տեղի ունեցած են տեղամասային ընտրական յանձնախումբերէն դուրս՝ վարչական-իշխանական միջոցներու եւ ընտրակաշառքի տեսքով:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի փոխներկայացուցիչը փոխանցեց, որ ՀՅԴ ընտրութիւններու օրը իր թէժ գիծին ստացած բոլոր ահազանգները փոխանցած է ոստիկանութեան, բայց որեւէ համապատասխան արդիւնք չէ տեսած: Պատասխանելով այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կարելի է բացատրել ՀՅԴ-ի հաւաքած քիչ ձայները, Համբարձումեան նշեց, որ ընդդիմադիր ընտրազանգուածին զգալի մէկ մասը աշխուժ մասնակցութիւն չունեցաւ ընտրութիւններուն: Ըստ անոր, երկրորդ պատճառը ընտրակաշառքն ու վարչական-իշխանական միջոցներու օգտագործումն էր, որ մեծ դերակատարութիւն ունեցաւ արդիւնքներուն վրայ:
Իբրեւ երրորդ պատճառ, Համբարձումեան նշեց ժողովուրդի թերահաւատութիւնը ընտրութիւններուն նկատմամբ, թէ անոնք կրնան իսկապէս փոփոխութիւն յառաջացնել Երեւանի եւ ամբողջ Հայաստանի մէջ: Համբարձումեան չորրորդ պատճառը նկատեց պետութեան եւ գործող իշխանութեան միաձուլման երեւոյթը, ընդգծելով, որ Հայաստանի մէջ իշխանութիւնը նոյնացած է պետութեան հետ: