Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Թուրքիան շահագրգիռ չէ Հայաստանի հետ յարաբերութիւնները կարգաւորելու հարցում եւ տապալում է Ցիւրիխում ստորագրուած հայ-թուրքական արձանագրութիւնների վաւերացման գործընթացը», լրագրողներուն հետ ունեցած հանդիպումին ընթացքին այս հաստատումը կատարած է քաղաքագէտ Արա Պապեան։

«Նման գործընթացներ ժամանակին անցկացրել են Յունաստանը՝ Հիւսիսային Կիպրոսի վանքերի, եւ Իսրայէլը՝ Արեւելեան Եւրոպայի սինագոգերի հետ կապուած: Միայն մենք այսքան ժամանակ ոչինչ չենք ձեռնարկել», դիտել տուած է փորձագէտը եւ յիշեցուցած, որ 1913ին հայկական վանքերու եւ եկեղեցական գոյքի գոյքագրում կատարուած է, որուն վրայ ալ կարելի է հիմնուիլ:

Այդ պարագային, ըստ անոր, Հայաստան պէտք է չեղեալ յայտարարէ արձանագրութիւնները: «Ցաւալի է, բայց Թուրքիան կրկին խօսում է նախապայմանների լեզուով եւ կապում է Հայաստանի հետ յարաբերութիւնների կարգաւորումը Լեռնային Ղարաբաղի հարցի խաղաղ կարգաւորման հետ», նշած է ան:

Քաղաքագէտը յիշեցուցած է, որ վերջերս Թուրքիոյ խորհրդարանին մէջ կրկին քննարկուեցաւ Ցիւրիխեան արձանագրութիւններուն հարցը, որուն ընթացքին Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Եազըճըն յայտարարած է, որ Հայաստանի եւ Թուրքիոյ միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորումը կապուած է Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման հետ: Ըստ Պապեանի, քանի դեռ Թուրքիան այսպիսի դիրքորոշում ունի, արձանագրութիւնները չեն կրնար վաւերացուիլ: «Թուրքիան այս հարցում կարող է աւելացնել ճնշումը, յատկապէս Հայոց Ցեղասպանութեան 100ամեակի նախաշեմին՝ փորձելով առաւելութիւն ստանալ Հայաստանի նկատմամբ», յայտնած է ան՝ շեշտելով, որ Հայաստանը պէտք է պատրաստ ըլլայ այդ ճնշումը դիմակայելու եւ համարժէք պատասխան տալու: «Հայաստանը 1915ից յետոյ կորցրած եկեղեցական գոյքը պէտք է հետ պահանջի դատարանի միջոցով», նշած է Արա Պապեանը:

Ըստ անոր, այդ բանակցութիւնները կրնան տարուել Ցեղասպանութեան ճանաչման գործընթացէն անկախ. «Հարկաւոր է նախապատրաստել եկեղեցիներին վերաբերող փաստաթղթերը եւ գոյքի վերադարձման բանակցութիւններ սկսել», յայտնած է Պապեանը:

«Եթէ բանակցութիւնները արդիւնք չտան, կարելի է պահանջներ ներկայացնել դատական կարգով. Թուրքիայում իրաւաբանական անձը հայց է ներկայացնում երկրի կառավարութեանը: Եթէ դատական գործընթացը մերժուի երկրի բոլոր ատեաններում, գործը կ՛ուղարկուի Մարդու իրաւունքների եւրոպական դատարան: Lաւ պատրարստուած մասնագէտներ են պէտք, որ կարողանան հիմնաւորել այդ եկեղեցիների նկատմամբ Հայաստանի իրաւունքները: Քանի որ դրանց մի մասի նկատմամբ յաւակնութիւններ ունի նաեւ Վրաստանը», ամփոփած է Պապեանը:

Պատասխանելով քրտական Խաղաղութիւն եւ ժողովրդավարութիւն կուսակցութեան պատ-գամաւոր Մուլքիյէ Պիրթանէյի հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման առնչուած գրաւոր հարցադրմանը՝ Թուրքիոյ առեւտուրի նախարար Հայաթի Եազըճըն գրաւոր յայտարարութիւն տարածած էր՝ նշելով, որ Թուրքիան կարեւոր կը նկատէ Հարաւային Կովկասի մէջ խաղաղութիւնն ու համագործակցութիւնը եւ այդ պարունակին մէջ 2009 թուականի Հոկտեմբեր 10ին Թուրքիան Հայաստանի հետ ստորագրած է յարաբերութիւնները կարգաւորող արձանագրութիւններ: Ան նշած է, թէ հայ-թրքական յարաբերութիւններու կարգաւորման համար անհրաժեշտ է, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ տիրող առկայ իրավիճակը տեղափոխուի խաղաղութեան եւ կայունութեան դաշտ՝ շեշտելով, որ այդ հարցին մէջ Թուրքիան մնայուն կերպով աջակցած է Ատրպէյճանի տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքին: