Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Խօսքի Ազատութեան Պաշտպանութեան Կոմիտէի (ԽԱՊԿ) նախագահ Աշոտ Մելիքեանի համաձայն՝ 2013ի առաջին եռամսեային աւելցած են լրագրողներու իրաւունքներու խախտումի պարագաները՝ նախորդ տարուան նոյն ժամանակաշրջանի բաղդատմամբ։

«Նման դէպքերու աճը պայմանաւորուած է Փետրուար 18ին կայացած նախագահական ընտրութեան հետ։ Երբ կը սրի ներքաղաքական կեանքը՝ կ'աւելնան նաեւ լրատուական միջոցներու վրայ ճնշումները եւ ցաւ ի սիրտ վերջին ընտրութիւնն ալ այդ առումով բացառութիւն չէր»,- ընդգծած է Ա. Մելիքեան։

 

ԿԱՐԵԼԻ՞ Է ԱՆՊԱՏՈՒԵԼ ԼՐԱԳՐՈՂ ՄԸ  ԵՒ ՄՆԱԼ ԱՆՊԱՏԻԺ

Աջափնեակի եւ Դաւթաշէնի ընդհանուր իրաւասութեան դատարանը, հրապարակած է «Ժողովուրդ» օրաթերթի՝ ընդդէմ «X գրուպ» ընկերութեան սեփականատէր Խաչիկ Խաչատրեանի դէմ բացած դատին վճիռը: Թերթը կորսնցուցած է: «Ժողովուրդ»ի լրագրող Սոնա Գրիգորեան news.am-ին ըսած է, որ վճռած են ամէն ինչ ընել, որպէսզի Խաչիկ Խաչատրեան անպատիժ չմնայ: «Քանի որ Խաչիկ Խաչատրեանը օլիգարխ է, ունի փող, դատաւորը որոշեց բաւարարել օլիգարխին, չնայած նրան, որ մենք ձայնագրութիւն էինք ներկայացրել, որտեղ Խաչիկ Խաչատրեանը վիրաւորել է ինձ: Այսինքն՝ դատաւորը գտնում է, որ օլիգարխին բաւարարելն աւելի կարեւոր է, քան թէ լրագրողի իրաւունքները պաշտպանելը: Սա նշանակում է, որ այսուհետ ցանկացած օլիգարխ կարող է լրագրողին վիրաւորել եւ մնալ անպատիժ»,- ըսած է Ս. Գրիգորեան:

Յիշեցնենք, որ «Ժողովուրդ» օրաթերթը դատ բացած էր գործարար Խաչիկ Խաչատրեանի դէմ՝ օրաթերթի լրագրող Սոնա Գրիգորեանը անպատուելու եւ անոր հասցէին հայհոյախառն արտայայտութիւններ ունենալու մեղադրանքով եւ անկէ հրապարակային ներողութիւն լսելու պահանջով: Հսկայ բազմաթիւ ընկերութիւններու տէր Խաչիկեան «պոռնիկ» անուանած էր լրագրողին, երբ այս վերջինը յղած էր, ըստ երեւոյթին, իրեն համար անախորժ հարցում մը: