«Ղարաբաղեան հակամարտութեան գօտիէն ներս իրադրութիւնը խիստ դժուար է» կ'ըսէ Կոժարա
Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարար, ԵԱՀԿի գործող նախագահ Լեոնիտ Կոժարա Ուաշինկթընի մէջ խօսած է Ղարաբաղեան հակամարտութեան մասին, «խիստ դժուար» գնահատումը կատարելով:
Ան ամերիկեան Քոնկրէսին առջեւ հաշուետուութիւն ներկայացուցած է Հելսինքիի յանձնաժողովի մասին՝ պաշտօնական Քիեւի առաջնահերթութիւններու ու յառաջիկայ ընելիքներուն անդրադառնալով:
Ելոյթ ունենալով ամերիկացի հեղինակաւոր փորձագէտներու ու քոնկրեսականներու առջեւ՝ Կոժարան փաստած է, որ նախագահութիւնը ստանձելու առաջին իսկ օրէն ինք որոշ քայլերու ձեռնարկած է Կովկասեան շրջանէն ներս հարցերու գծով: Ղարաբաղի մասին սակայն, իրավիճակը բաւական բարդ բնորոշած է ան, խոստովանելով թէ «Մենք կը տեսնենք, որ լարուածութիւնը կ'աճի՝ երկու կողմերէն կատարուող քաղաքական յայտարարութիւններու պատճառով: Թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ատրպէյճանը բարեկամ երկիրներ են Ուքրանիոյ համար, այդ պատճառով մենք չենք կրնար կողմերէն որեւէ մէկուն աջակցիլ, սակայն կը կարծեմ, որ պատերազմին յաջորդած 10ակին մէջ հաւասարակշռութեան որոշ լծակներ ստեղծուած են եւ իմ խնդիրն է՝ որպէս նախագահող, առաջ տանիլ բանակցութիւնները», - ըսած է Կոժարան, հաստատելով թէ ինք Յունիսի վերջաւորութեան հարաւային Կովկաս պիտի այցելէ: