Հայաստան-Սուրիա օդային հաղորդակցութիւնը կրկին դադրած է. Դամասկոս-Գամիշլի-Երեւան թռիչքները դարձեալ յետաձգուած են:
«Սուրիական օդուղիներ»-ու երեւանեան գրասենեակի տնօրէն Սվետլանա Յովհաննիսեանը յայտնած է թէ թռիչքները պարբերական պիտի դառնային, սակայն Մայիս 1-ին եւ Մայիս 8-ն նախատեսուած թռիչքները չեն կայացած:
Միակ թռիչքը Ապրիլ 16-ին տեղի ունեցած էր: Նախնական տուեալներով՝ թերեւս յաջորդ թռիչքը ըլլայ Մայիս 15-ին իրագործուի: Տոմսեր կը վաճառուին այս թռիչքին համար, բայց ճամբորդներուն կը յստակացուի թէ միայն օր մը առաջ յայտնի պիտի դառնայ թռիչքի իրագործման պարագան:
Նորութիւն չկայ նաեւ դէպի Հալէպ եւ Լաթաքիա իրականացուող թը-ռիչքներէն: Դամասկոս-Գամիշլի-Երեւան առաջին թռիչքով Հայաստան հասած էր 68 մարդ, մեկնած՝ 12 հոգի: Միակողմ տոմսը կ’արժէր 165 հազար դրամ, իսկ երկկողմը՝ 245 հազար:
Դէպի Հալէպ թռիչքներու դադրեցումէն ետք «Սուրիական օդուղիներ» ընկերութիւնը կ’իրականացնէր Դամասկոս-Լաթաքիա-Երեւան թռիքները, որոնք եւս անժամկէտ կանգ առած են: