Սեպտեմբեր 2ը՝ համայն հայութեան համար
Արցախի կողքին գտնուելու,
Արցախը ուժեղացնելու ուխտի օր է
ԼՂՀի անկախութեան հռչակման 20րդ տարեդարձին առիթով՝ Ստեփանակերտի մէջ այսօր կը կայանան շարք մը տօնակատարութիւններ։ Նախորդ տարիներու աւանդութեամբ՝ հանրապետութեան միջնակարգ եւ բարձրագոյն ուսումնական հաստատութիւններուն մէջ առաջին դասը կը նուիրուի Անկախութեան հռչակման, որ պիտի ներկայացուի ԼՂՀի պատգամաւորներու եւ կառավարութեան ներկայացուցիչներուն կողմէ:
Այսօր Ստեփանակերտի փողոցներուն մէջ տեղի կ՝ունենայ զինուորական քայլերթ: ԼՂՀ նախագահ Բակօ Սահակեանի գլխաւորութեամբ՝ Ստեփանակերտի քաղաքային յուշահամալիր կ՝այցելեն երկրի բարձրաստիճան պաշտօնեաներն ու քաղաքացիները:
Գարեգին Բ. Ամենայն հայոց կաթողիկոսը երկօրեայ այցով Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութիւն կը գտնուի, մասնակցելու համար ԼՂՀ հռչակման 20ամեակին նուիրուած միջոցառումներուն: Կաթողիկոսին ուղեկցողներու շարքին են՝ Ֆրանսայի Հայոց թեմի առաջնորդ Նորվան արք. Զաքարեան, Նոր Նախիջեւանի եւ Ռուսիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Եզրաս եպս. Ներսիսեան, ՀՀ Զինուած ուժերու հոգեւոր առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեան եւ գաւազանակիր Անանիա աբղ. Ծատուրեան: