Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 Անխուսափելին պատահած է: Տնտեսական աշխարհի գլխաւոր օրէնքը անմիջապէս սկսած է գործել. հոն ուր չկայ մրցակցութիւն, կա՛յ կացութեան չարաշահում:

Այսպէս, «Արմավիա» ընկերութեան սնանկացումէն եւ թռիչքներուն ալ կանգ առնելէն ետք, օդային միւս ընկերութիւնները ազատ ասպարէզ գտնելով՝ անմիջապէս բարձրացուցած են Հայաստանէն Ռուսաստան տոմսերու սակագիները: Օրինակ, ռուսական «Աէրոֆլոթ»ը 80 եւրօ բարձրացուցած է Հայաստանէն բոլոր ուղղութիւններու տոմսերուն գիները:

 

ԲԱՂԴԱՍԱՐՈՎ ԿԸ ՎԱՃԱՌԷ՞  «ՄԻԿԱ ՑԵՄԵՆՏԸ»

Ըստ «Ժամանակ» թերթի տեղեկութիւններուն՝ սնանկացած «Արմավիա» ընկերութեան տէրը՝ Միխայիլ Բաղդասարով Մոսկուա վերադարձած է: Բայց նախքան մեկնումը, նախագահի նստավայրին մէջ հանդիպում մը ունեցած է Սերժ Սարգսեանի հետ:

«Ժամանակ» կը գրէ նաեւ, թէ Մ. Բաղդասարով «Արմավիա»յի ծանր պարտքը փակելու համար այս օրերուն կը փորձէ մոսկովեան դրամատուներէն վարկեր ձեռք ձգել կամ վաճառել կրաղիւսի իր գործատունը՝ «Միկա ցեմենտ»ը: 

 

 

ԵՐԿՆՔԻ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՃԱՆԱՊԱՐՀՆԵՐԸ ԱՆՄԱՏՉԵԼԻ

Օրերս, զուգադիպութեամբ, Հայաստանի երկնքին մէջ երեք օդային գիծերու գոյապայքար տեղի կ'ունենայ։ 
Առաջինը, Երեւան-Վան թռիչքներու հաստատումն էր, որ ինչպէս առաջին օրէն կանխատեսելի էր, առկախ-ւեցաւ Թուրքիոյ կողմէ, Ատրպէյճանի ճնշումներուն պատճառով։

Երկրորդը, Երեւան-Ստեփանակերտ քաղաքացիական թռիչքներու մեկնարկումն է, որ, արդէն տարիէ մը աւելի է, կը հոլովուի, սակայն միշտ կը յետաձգուի։ Մարտ 28ին, Արցախի Հանրապետութեան վարչապետ՝ Արայիկ Յարութիւնեան, Le Monde-ի տուած հարցազրոյցին մէջ կը յայտարարէր թէ գարնան պիտի սկսի Հայաստան-Արցախ օդային փոխադրութիւնը։ Դիտել կու տար թէ Մինսքի դէտերու այցելութիւնը Արցախ՝ տեղի կ'ունենայ ուղղաթիռներով, գործածելով Ստեփանակերտի օդակայանը։ Այսինքն, ձեւով մը հաստատելով, որ օդակայանը արդէն միջազգային մարմիններու կողմէ de facto ճանչցուած է։ Սակայն, Ատրպէյճանի սպառնալիքները եւ միջազգային միջամտութիւնները մինչեւ օրս արգելք եղան թռիչքներուն սկսելուն։

Սակայն, երրորդը՝ ամենէն խոցելի ու աղէտաբերն է. կը վերաբերի «Արմավիա» հայկական «ազգային» օդային ընկերութեան։ Արցախի գերիշխանութեան ամրապնդման համար կենսական նշանակութիւն ունեցող օդակայանի պաշտօնական բացումին պահանջն իսկ կը տժգունի «Արմավիա»յի սնանկացման դիմաց։ Հայաստանեան մամուլը շատ լուրջ անդրադարձներ ունի «Արմավիա»յի գործունէութեան կասեցման պատճառներուն մասին։ Հակառակ Զուարթնոց օդակայանին մէջ առանձնաշնորհեալ դիրք գրաւելուն, անոր ծառայութիւնները եղած են թերի, բաղդատած իր մրցակիցներուն։ Անշուշտ, լուրջ քննութիւններու պակասի պատճառով, կարելի չէ ըսել թէ եղած են գոյքի եւ եկամուտերու չարաշահում ի վնաս ճամբորդներուն, օդակայանին եւ վերջին հաշուով՝ Հայաստանի պետութեան։ Որովհետեւ, տարիներու ընթացքին անձեռնհաս տնօրէնութեան պատճառով կուտակուած պարտքը հասած է 30 միլիոն ամերիկեան տոլարի, որ կրնայ պետութեան փոխանցուիլ, նկատի առնելով պետական երաշխիքը, այսինքն՝ հարկատու քաղաքացիներուն գլխուն պայթիլ այդ գումարը։ Անկախ՝ այս սնանկացումով յայտնուած պարտքէն եւ ընկերային ծանր մթնոլորտէն, անդին դեռ կան օդաչուներ, որոնք անցեալ Յուլիսէն ի վեր չեն վճարուած, ճամբորդներ, որոնց նախապէս գնած տոմսերը՝ թռիչքներու ջնջումէն ետք չեն հատուցուած… 400 հոգինոց անձնակազմի գործազրկութիւն… Պետականութեան, ինքնիշխանութեան, երկրի արժանապատւութեան խորհրդանիշն է որ կ'ոտնակոխուի։ Երկիրը տնտեսական եկամուտներու մեծ աղբիւրներ չունի, կ'ուզէ զարկ տալ զբօսաշրջութեան, սակայն անկարող է «ազգային» օդային ընկերութիւն մը ոտքի պահելու։ Դեռ, չխօսինք, Հայաստան-Սփիւռք յարաբերութիւններու զարգացման համար համագումարներու ընթացքին բազմիցս բարձրաձայնուած պահանջին մասին, որ օդային կապի գիները մատչելի ըլլան, որպէսզի զարկ տրուի Հայաստան այցելութեան։ Հայաստանի համար օդային կապը ռազմավարական յատուկ նշանակութիւն ունի, ինչպէս շրջափակումի ենթակայ որեւէ երկրի համար։ Արտասահմանի հետ կապուելու անշրջանցելի միջոց է։ Երեւան անկարող ըլլալով ապահովել Հայաստան-արտասահման թռիչքները, պիտի կարենա՞յ պահպանել Երեւան-Ստեփանակերտինը։ Դիւանագիտական եւ քաղաքական տեսութիւններէ անդին, տնտեսավարութիւնը ունի իր խաղի օրէնքները, որոնք օլիկարխային համակարգի խաղալիքը չեն կրնար ըլլալ։

Ժ.Չ.