Print
Category: Հայաստան-Արցախ

1988 թուականին սկիզբ առած արցախեան շարժումէն ետք Լեռնային Ղարաբաղի եւ անոր յարող կենսական նշանակութիւն ունեցող ճամբաները, բազմաթիւ բնակավայրեր ատրպէյճանցիները վերածեցին ռազմական յենակէտերու՝ արցախցիները զրկելով կենսական բնոյթ ունեցող բոլոր ճամբաներէն:

Իսկ Շուշիի, յետոյ նաեւ Լաչինի միջանցքի ազատագրումով կապ հաստատուեցաւ մայր Հայաստանի հետ: Նախապէս որոշում կար Մայիս 2ին սկսելու բերդաքաղաքի ազատագրման, սակայն կարգ մը պատճառներով անիկա յետաձգուեցաւ: Մայիս 8ի երեկոյեան սկիզբ առած եւ արդէն Մայիս 9ին Շուշին ազատագրած հայ մարտիկները պէտք է կրկնապատկէին Մայիս 9ի խորհուրդը հայ ժողովուրդին համար:

Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ ՀՀ պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեանը լրագրողներու հետ զրոյցի ժամանակ. զրոյցը՝ ոչ միայն առիթ էր փոխանցելու պաշտպանական համակարգի պատասխանատուին շնորհաւորութիւնները, այլ նաեւ անգամ մը եւս անդրադառնալու Շուշիի ազատագրութեան կարեւորութեան։

Նախարարին համաձայն, հայ ժողովուրդին համար Սեպտեմբերն ու Մայիսը առանձնայատուկ են: Հայոց պատմութեան տարբեր ժամանակաշրջաններուն նոյնինքն այդ ամիսներուն տեղի ունեցած սխրագործութիւններու արտացոլումն են թէ՛ Հայաստանի ու Արցախի անկախացումը, եւ թէ՛ Շուշիի ազատագրումը: Այս բոլորը Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակի հիմնադրութեան համար կայուն հիմք հանդիսացած են:

Սէյրան Օհանեան վստահեցուցած է, որ մեր բանակը այսօր պատրաստ է արժանի հարուածը հասցնել հակառակորդին:

«Հայ Ժողովրդի ճակատագիրը եւ պատմութեան վերլուծութիւնը թոյլ է տալիս վերլուծելու եւ գալու այն եզրակացութեան, որ մենք, գտնուելով դժուարին վիճակներում, վտանգի պահին միշտ էլ եղել ենք միասնական»: