Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մայիսեան եռատօնին նուիրուած միջոցառումներու մեկնարկը ամէն տարի Շուշիէն կը տրուի:  21 տարի առաջ հայ զինուորներու կողմէ ազատագրուած բերդաքաղաքը, խորհրդանշական վայրն է ուր սկիզբ կÿառնեն տօնական միջոցառումները:
Բանակի անձնակազմը  օրհնուեցաւ  Էջմիածինէն Շուշի տարուած Աշոտ Երկաթի խաչով, որը հռչակւած է Հայոց բանակի պահապան:
Ժողովուրդը համախմբուեցաւ Շուշիի Սուրբ Ղազանչեցոց եկեղեցին, Մայիս 7ին, ուր բանակի օրհնութեան պատարագ մատուցուեցաւ: Այս արարողութիւնը առաջին անգամ 1992 թուականին կատարուեցաւ՝ Շուշին ազատագրելէ առաջ: Արցախի թեմի առաջնորդ Պարգեւ  արքեպիսկոպոս Մարտիրոսեանի ձեռամբ մատուցուեցաւ սուրբ պատարագը, ուր  ներկայ եղան նաեւ Արցախի նախագահը եւ պաշտպանութեան նախարարը: