Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Եւրոմիութիւնը կը շարունակէ աջակցիլ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման ԵԱՀԿ Մինսկի խմբակի ջանքերուն, սակայն հակամարտութեան ներկայ իրավիճակը «անընդունելի է», Պաքուի մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտարարած է Եւրոմիութեան ընդարձակման եւ եւրոպական քաղաքականութեան հարցերով յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ՝ ըստ ատրպէյճանական «Էյ.Փի.Էյ.» լրատու գործակալութեան: Ֆիւլէ աւելցուցած է. «Եւրոմիութիւնը հակամարտող կողմերուն միջեւ վստահութեան վերականգնման ջանքերուն նեցուկ կը կանգնի»: Խօսելով Ատրպէյճանի մէջ նախատեսուած նախագահական ընրութիւններուն մասին՝ Եւրոմիութեան յանձնակատարը կոչ ըրած է ապահովելու արդար ընտրութիւններ, որոնք ազատ կ՛ըլլան ոչ միայն քուէարկութեան, այլեւ նախընտրական քարոզարշաւին ընթացքին: Ան յիշեցուցած է նախորդ ընտրութիւններուն նկատմամբ Եւրոմիութեան դէտերուն արձանագրած խախտումները եւ յոյս յայտնած է, որ հերթական ընտրութիւններուն ընթացքին նման դէպքեր չեն արձանագրուիր: Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան կարգաւորման գործընթացը առաջ մղելու նպատակով, մօտ օրերուն նախատեսուած է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Էդուարդ Նալբանդեանի եւ Էլմար Մամետեարովի հանդիպումը՝ Քրաքովի մէջ: Աւելի ուշ կրնայ նաեւ նախագահներու մակարդակով հանդիպում մը իրականացուիլ: