Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ամերիկեան MEMCO ընկերութիւնը ստեղծած է Երեւանի Ցեղասպանութեան թանգարանի զօրութենական (virtuel) աշխարհը, Ցեղասպանութեան 98ամեակին առթիւ: Ընկերութեան բանբերը Աննա Պետրոսեան մամուլին յայտնած է, թէ այս ստեղծագործութիւնը MEMCO-ի կողմէ նուէր մըն է Թանգարանին: Համացանցային այս այցը թոյլ կու տայ շրջիլ թանգարանին յարկին տակ, ծանօթանալ Ցեղասպանութեան առընչուող նկարներու եւ այլ նիւթերու: Այս ծրագիրը կÿընձեռէ հետաքրքրական այլ կարելիութիւն մը եւս: Արդարեւ, այցելուները կրնան յարգանքի իրենց տուրքը մատուցանել Ցեղասպանութեան զոհերուն՝ այցելելելով Ծիծեռնակաբերդ եւ հոն ծաղիկներ զետեղել: Այս ամբողջին համար կը բաւէ ստեղնաշարին վրայ գրել՝ www.genocide-museum.am, ապա ընտրել «Virtual Museum» պատուհանը