Print
Category: Հայաստան-Արցախ

 Քուէարկութեան մասնակցեցաւ ընտրողներու 53.53 տոկոսը

ԵՐԵՒԱՆԻ ՆՈՐ ԱՒԱԳԱՆԻԻ ՄԷՋ՝ ՄԻԱՅՆ ԵՐԵՔ ՔԱՂԱՔԱԿԱՆ ՈՒԺ
ՀՅԴ կը գնահատէ թէ «Իշխանական մենաշնորհը աւելի կարծրացաւ»

Աւագանիի 65 տեղերուն համար պայքարեցան եօթ քաղաքական ուժեր՝ Հայաստանի

Հանրապետական (ՀՀԿ), «Օրինաց երկիր», «Բարգաւաճ Հայաստան», «Հայ ազգային կոնգրես», «Առաքելութիւն», «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» (ՀՅԴ) կուսակցութիւնները եւ «Բարեւ Երեւան» կուսակցութիւններու դաշինքը: Երեւանի քաղաքապետական ընտրութիւնները կայացան Կիրակի 5 Մայիսին: Ընտրութիւններու նախնական արդիւնքները ցոյց տուին թէ աւագանիի մէջ կը ներկայացուին միայն երեք ուժեր՝ ՀՀԿն (55.86 տոկոս), ԲՀԿն (23 տոկոս) եւ «Բարեւ Երեւան» դաշինքը (8 տոկոս)։

 

Երեւանի 13 ընտրատարածքներէն  մէջ  ընտրական շեմը յաղթահարած եւ Երեւանի նոր աւագանիին մէջ  յայտնուած ուժերէն որեւէ մէկուն համար կարելի չեղաւ յաղթանակ տանիլ  Հանրապետականի նկատմամբ։ «Բարգաւաճ Հայաստան» կուսակցութիւնը, ըստ նախնական տուեալներու, 464 տեղամասերէն միայն մի քանիին մէջ  Հանրապետականի նկատմամբ առաւելութեան հասաւ, մինչ «Բարեւ Երեւանը»՝ ոչ մէկու։ Ըստ նախնական արդիւնքներուն, Երեւանի աւագանիի  65 տեղերէն  42-ը Հանրապետականը կը ստանայ, 17-ը՝ «Բարգաւաճ Հայաստանը», 6-ը՝ «Բարեւ Երեւանը»։ «Մասսայական խախտումների մասին խօսք լինել չի կարող», - ամփոփելով ընտրութիւններու  նախնական արդիւնքները՝ յայտարարեց Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի  ղեկավար Տիգրան Մուկուչեանը։ «Այս պահին կարող ենք փաստել, որ այն տեղեկութիւնները, որոնք մինչ այժմ առկայ  են եղել, բոլորն էլ վերաբերել են բացառապէս առանձին դէպքերի», - մեկնաբանեց Մուկուչեանը։ Ընտրութիւններուն  վերաբերեալ ընդդիմադիր ուժերէն  հնչող բացասական գնահատականներուն, ընտրախախտումներու  կազմակերպուած ու մասսայական բնոյթ ունենալու վերաբերեալ յայտարարութիւններուն Մուկուչեանը կարճ ձեւով  արձագանգեց. - «Դա վերջիններիս սուբյեկտիվ տեսակէտն ու եզրայանգումն է»։ ԿԸՀ նախագահը  Կիրակի օր, նախքան ընտրութիւններու աւարտը  կարծիք յայտնեց, որ անհնար է այնպիսի ընտրախախտումներ ի յայտ գան, որոնք կարելի պիտի դարձնեն ընտրութիւններու  անվավեր հռչակումը: Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովի նախագահը կը կարծէ՝ որ մայրաքաղաքէն  ներս երէկ ամբողջ գիշեր հնչող հրավառութիւնը իր մեկնաբանութեան հարցը չէ։ Հակառակ որ  ընտրութիւններու  պաշտօնական արդիւնքները դեռ պաշտօնապէս յայտնի չէին, բայց տարբեր ժամերու, ենթադրաբար՝ Հանրապետականի համակիրները Երեւանի տարբեր թաղամասերուն  մէջ կա-նուխէն յաղթանակ կը տօնէին: Նշենք, որ անվավեր քուէաթերթիկներու  թիւը 15 հազարէն  աւելի կազմեց, գրեթէ նոյնքան, ինչքան ձայն  ստացաւ Հայաստանի մէջ  իշխող համա- խոհական կառավարութեան  անդամ «Օրինաց երկիր» կուսակցութիւնը։ Ինչպէս անցած նախագահական ընտրութիւններու ժամանակ, անվավեր քուէաթերթիկներուն  վրայ այս անգամ ալ ընտրողներու  տառատեսակ վերտառութիւններ կային՝ արտագաղթը կանխելու, Երեւանը չդատարկելու, «իրար չուտելու» խօսքերու վերաբերեալ։ Երեւանի աւագանիի  ընտրութիւններու  վերջնական արդիւնքները Կեդրոնական Ընտրական Յանձնաժողովը պիտի  հրապարակէ Կիրակի 12 Մայիսին:

 

Դիտորդները ահազանգեցին թէ աւելի քան
100 ընտրատեղամասերու ընտրացուցակներուն մէջ կային մարդիկ,
որոնք շատոնց Երեւանի մէջ չէին բնակեր

Եւրոպական խորհուրդի դիտորդները արձանագրեցին ընտրակեղծիքներու մեքանիզմներ, սակայն ընտրութիւնները օրինական կը գնահատեն

«Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները անցան խաղաղ եւ օրինական, տեխնիկապէս լաւ կազմակերպուած»: Այս խօսքերով արտայայտուեցաւ Եւրոպական խորհուրդի տեղական եւ տարածաշրջանային իշխանութիւններու կոնգրեսի դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Ստյուարտ Տիքսոնը: Առաքելութեան անդամները դիտարկեցին քուէարկութեան ամբողջ ընթացքը՝ ընտրատեղամասերու բացումէն մինչեւ քուէարկութեան աւարտն ու քուէաթերթիկներու հաշուարկը: 12 երկրի ներկայացուցիչներէ բաղկացած Կոնգրեսի պատուիրակութիւնը աւագանիի ընտրութիւններուն ներկայ եղող միջազգային միակ դիտորդական առաքելութիւնն էր:

13 ընտրատարածքի աւելի քան 100 ընտրատեղամասերու մէջ անոնք  նախ արձանագրեցին թէ  ընտրացուցակներուն մէջ կային մարդիկ, որոնք շատոնց Երեւանի մէջ չէին բնակեր: «Մենք հաւատում ենք, որ իշխանութիւններն այս խնդրին պէտք է անդրադառնան եւ լուծեն, որովհետեւ տեղական ընտրութիւններին մասնակցում են նրանք, ովքեր փաստացի բնակւում են այդ համայնքում»,- ըսաւ  դիտորդական առաքելութեան ղեկավար Ստյուարդ Տիքսոնը։ Եւրոպացիներու  աչքէն  նաեւ չվրիպեցան դէպքեր, երբ փոքր հանրակառքերով մարդիկ ընտրատեղամաս կը փոխադրուէին: Սակայն հետաքրքրական էր տեսնել, որ եւրոպացիներուն  համար այդքան ալ  վատ երեւոյթ չէր այս ձեւի փոխադրութիւնը՝  յայտնի  կուսակցութեանց միջոցաւ: Դիտորները նշեցին թէ ստացան տեղական ծառայողներու  նկատմամբ ճնշումներու, ինչպէս նաեւ քուէներու  գնման ահազանգի դէպքեր: «Այս մեղադրանքներուն  առումով մենք կոչ կÿուղղենք  Հայաստանի իշխանութեանը, որպէսզի վերջ դնէ այս վիճակին. պէտք չէ վախի մթնոլորտ ըլլայ կամ  կանխիկ դրամի խթանում: Այս դէպքերը կը խաթարեն  մարդոց վստահութիւնը  ընտրական համակարգին  հանդէպ»,- ըսաւ  դիտորդական առաքելութեան ղեկավարը։ Միջազգային դիտորդները նաեւ մտահոգիչ  համարեցին  քուէարկումը   բջջային հեռախօսների օգտագործման պարագային, տեղական դիտորդներու  շատ մեծ քանակի առկայութիւնը տեղամասերուն մէջ, որոնք կը գործէին քաղաքական կուսակցութիւններու  եւ դաշինքներու  օգտին, բազմակի քուէարկութիւններու, այսպես կոչուած «քառուզելներու»  դէպքերը: «Առանց անվտանգ եւ ապահով միջավայրի հնարաւոր պիտի չդառնայ  ժողովրդավար ընտրութիւն կայացնել, եւ առանց ժողովրդավարութեան, քաղաքացիներու կեանքին մէջ  բարելաւում պիտի չըլլայ: Բարելաւում պիտի չըլլայ, եթէ  գիւղապետերը, համայքապետերը չհասկնան, որ սա իրենց պարտականութիւնն է` ծառայել ժողովուրդին, ոչ թէ միայն անոնց, որոնք  իրենց ընտրել են»,- ըսաւ  Ստյուարդ Տիքսոնը։ Զեկոյցին մէջ  անոնք նշած են թէ որոշ յառաջընթաց  կÿարձանագրեն, յատկապէս, զսպումներու  եւ հակակշիռներու, ինչպէս նաեւ ԶԼՄ-ներու  ազատութեան տեսանկիւնէ: