«Իշխանութիւնները ամէն ինչ ըրին, որ նսեմացնեն այս ընտրութիւններու նշանակութիւնը՝ ըսելով, որ գիւղը գիւղապետ կ'ընտրէ, քաղաքը քաղաքապետ, անկէ աւելի բան մի ակնկալէք...»,- Արաբկիրի բնակիչներուն հետ զրուցելու ժամանակ յայտնեց Հ.Յ.Դ. Հայաստանի Գերագոյն Մարմնի ներկայացուցիչ,
Հ.Յ.Դ. համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեանը, որ շեշտեց թէ ծրագրով ու ղեկավար կազմով միայն Հ.Յ.Դ.ն է որ ընտրութիւններուն կ'ուղղուի:
«Մենք այս ընտրութիւնները կը դիտարկենք իբրեւ ոչ միայն զուտ Երեւանի ընտրութիւններ, այլ ընտրական ճամբով երկրին մէջ իրավիճակ փոխելու համար լուրջ կարելիութիւն: Կը ցանկանք ընտրութիւններուն միջոցով երկրին մէջ արմատական բարեփոխումներ իրականացնել», մէկ օր առաջ Այգեստանի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ ըսած էր Արմէն Ռուստամեանը, աւելցնելով որ այդ բարեփոխումներու ծրագիրը Դաշնակցութիւնը շատոնց մշակած է՝ ներառելով քաղաքական օրակարգ մտած 7 կէտերու մէջ:
Արմէն Ռուստամեան նշեց, որ Հայաստանի մէջ ստեղծուած իրավիճակին գլխաւոր պատճառը այն է, որ այսօր սերտաճած են իշխող կուսակցութիւնն ու պետութիւնը, եւ քանի տակաւին այս խոչընդոտը չէ յաղթահարուած, միւս հարցերը պիտի չլուծուին: Ա. Ռուստամեան յայտնեց, որ «երկիրը բաժնուած է երկու մասերու՝ 3-5 առ հարիւր արտօնեալներ, որոնք կուտակած են անհաշուելի հարստութիւն, իսկ մնացեալ բոլորս յայտնուած ենք բախտի քմահաճոյքին»: Ըստ անոր, այդ պատճառով արտագաղթը կը գերազանցէ բոլոր մրցանիշները:
ՀՅԴ համամասնական ցուցակը գլխաւորող Արմէն Ռուստամեան ընդգծեց, որ եթէ քաղաքապետը իր լիազօրութիւնները իրականացնէ, բոլորովին այլ Երեւան կարելի է ունենալ: Ռուստամեան աւելցուց, որ քաղաքապետը ըլլալով իշխող կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ իր լիազօրութիւնները յանձնած է կուսակցութեան: Ան յայտնեց, որ երբ մայրաքաղաքին մէջ կարգ ու կանոն չկայ, պէտք չէ միւս շրջաններէն մեծ ակնկալիքներ ունենալ: Ռուստամեան նաեւ շեշտեց, որ ընդդիմադիր քաղաքապետը շահերու բախում պիտի բերէ եւ թեւերէն իւրաքանչիւրը պարտադրուած պիտի ըլլայ աշխատիլ ուժերու առաւելագոյն չափով՝ ցոյց տալու համար, որ ինք աւելի լաւ կ՛աշխատի:
ՀՅԴ ներկայացուցիչները Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի շրջագիծին մէջ հանդիպում ունեցան նաեւ մայրաքաղաքի Մալաթիա-Սեբաստիա վարչական շրջանի ընտրողներուն հետ:
Ռուստամեան ընդգծեց, որ Երեւանի աւագանիի յառաջիկայ ընտրութիւնները հերթական առիթ են ընտրութիւնները դարձնելու իշխանութիւններուն նկատմամբ անվստահութեան հանրաքուէ:
Ըստ անոր, եթէ քաղաքապետը ընդդիմութեան անդամ ըլլայ, կարելի չ՛ըլլար զայն փոխել Տոմինկոյի համերգի միջադէպին պատճառով, քանի որ ան իշխանութեան խաղերը չի խաղար:
Ան աւելցուց, որ եթէ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները համընդհանուր դժգոհութեան հետ կապուին, անոնց քաղաքական բնոյթ կը տրուի. ժողովուրդը «այո» կ՛ըսէ այն քաղաքական ուժին, որ ի վիճակի կ՛ըլլայ պայքարիլ իշխանութեան հետ, որուն ան ըսած է «ոչ»:
ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչը շեշտեց, որ Երեւանի աւագանիի նախընտրական արշաւի վերջին շաբթուան ընթացքին ՀՅԴ-ն պիտի զբաղի միւս ընդդիմադիր ուժերու միասնութեան կոչ ուղղելով:
Ըստ Ռուստամեանի, նախագահական ընտրութիւններուն բաղդատմամբ, այս ընտրութիւններուն ժամանակ պիտի ըլլան 464 ընտրական տեղամասեր, քանի մը անգամ աւելի քիչ, ինչ որ կը դիւրացնէ ձայներու պահպանման եւ կեղծիքները կանխելու հոլովոյթը:
ՀՅԴ-ի Խնդիրը Երեւանի Մէջ Իշխանափոխութիւնն Է
Արմէն Ռուստամեան Քանաքեռ-Զէյթուն համայնքի բնակիչներուն հետ հանդիպման ժամանակ յայտարարեց, որ Դաշնակցութիւնը նոր չէ, որ քաղաքական բեմահարթակին վրայ կը խօսի իր ծրագիրին մասին, կը խօսի երկրին մէջ ստեղծուած վիճակին մասին: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը ընդդիմադիր կուսակցութիւն է եւ իր ընդդիմադիր տեսակէտն ու դիրքորոշումը շատ յստակ ձեւով արտայայտած է:
Ան բացատրեց, թէ ինչո՛ւ ՀՅԴ-ն Երեւանի տեղական ինքնակառավարման մարմիններու ընտրութիւններուն այդքան լուրջ քաղաքական կազմով, մեծ քաղաքական նշանակութիւն տալով եւ այդ նշանակութիւնը ընդունելով մտած է քաղաքական պայքարին մէջ: Ռուստամեան նշեց, որ Դաշնակցութիւնը կը հաւատայ, որ իր բարձրացուցած հարցերը եւ առաջարկած ծրագիրները իրականացնելու համար պէտք է ամէն առիթ օգտագործել:
Ռուստամեան քննադատեց կրթական համակարգէն ներս տիրող համատարած կուսակցկանացուած մթնոլորտը: