Print
Category: Հայաստան-Արցախ

«Մենք կը շարունակենք ըլլալ ձեր խոնարհ ծառաները՝ սպասելով ձեր հրահանգներուն» խօսքերով հանդէս եկաւ Հայաստան եւ Արցախ այցելած Եւրոպական խորհրդարանի պատգամաւոր Էլէնի Թեոխարուս, Ստեփանակերտի մէջ Արցախի խորհրդարանի պատգամաւորներու հետ հանդիպման ժամանակ:

Ինչպէս նախապէս ալ հաղորդեցինք, Երեւան եւ Ստեփանակերտ այցելեց եւրոպացի պատգամաւորներու խումբ մը, որոնց կարգին էին յանդուգն երկու կին անձնաւորութիւններ՝ կիպրացի Էլէնի Թէոխարուս եւ ֆրանսացի Վալերի Պուայէն, որ ծանօթ է Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որպէս հեղինակ:

Եւրոպացի պատգամաւորները ժամանելով Ստեփանակերտ՝ այցելեցին տեսարժան վայրեր, ապա պաշտօնական հանդիպումներ ունեցան Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութեան ներկայացուցիչներու հետ:

Կիպրացի քաղաքական գործիչ Էլէնի Թէոխարուս առաջին անգամ ըլլալով Արցախ այցելած էր քսանհինգ տարի առաջ, որպէս կամաւոր վիրաբոյժ: Այսօր արդէն որպէս Եւրոխորհրդարանի պատգամաւոր Թէոխարուս կը յայտարարէ որ Լեռնային Ղարաբաղը կը համարէ իր երկրորդ հայրենիքը:

«Բայց ինծի համար Արցախը ոչ մայրենիք, եւ ոչ ալ հայրենիք է: Այն աւելի ճիշդ նորածին մանուկ է, որուն կ'ուզեմ իմ գրկի մէջ պահել եւ գուրգուրալ որպէս մայր, որովհետեւ այդ մանուկը, ցաւով կ'ըսեմ, ծնած օրէն բաւական լուրջ հիւանդութիւններ տարած է: Հակառակ սակայն այդ վիճակին, այսօր պայքարող ժողովրդավարութեան մէջ է», - ըսաւ ան: Անոր 19րդ այցելութիւնը նախորդ տարուան ամրան էր, երբ Արցախի նախագահի ընտրութիւններուն դիտորդական առաքելութիւն ստանձնած էր։ «Ես ուրախ էի, որ իմ գործընկերներուս հետ մասնակցեցայ այդ գործընթացին։ Կարելի է ըսել, որ ժողովրդավարութիւնը իսկապէս կը ծաղկի այնտեղ։ Ասիկա բաւական տպաւորիչ գործընթաց էր, ես հիացած եմ Արցախի ժողովուրդով՝ ո՛չ միայն անոր համար, որ անոնք կը պայքարին իրենց անկախութեան համար, այլ նաեւ այն պատճառով, որ կրցան ստեղծել ծաղկող ժողովրդավարութիւն իրենց երկրին մէջ», յայտնած է ան։

Է. Թէօխարուս շեշտը դրած է Արցախի ժողովուրդին ինքնորոշման իրաւունքին վրայ՝ նկատել տալով, որ բոլորը պէտք է յարգեն այդ իրաւունքը եւ հաշուի նստին անոր հետ։ «Անոնց հիմնարար ազատութիւնն ու իրաւունքն է ինքնորոշումը. անհրաժեշտ է հանրաքուէ կատարել եւ ճշդել, թէ անոնք ի՛նչ կը գերադասեն՝ անկա՞խ ըլլալ, միաւորուի՞լ Հայաստանի հետ։ Կամքը պէտք է յարգուի», դիտել տուած է ան։

Ընդամէնը ամիս մը առաջ ստեղծուած Լեռնային Ղարաբաղի հետ բարեկամական խումբի անդամներէն ֆրանսացի Վալերի Պուայէն, յայտնեց թէ երկրորդ անգամ ըլլալով կ'այցելէ Արցախ:

«Ստեղծելով Ֆրանսա-Լեռնային Ղարաբաղ բարեկամական խումբը՝ մենք մեր առջեւ նպատակ դրած ենք ճանաչումներ ապահովել Ղարաբաղի համար եւ կեանքի ապահով պայմաններ՝ երկրէն ներս ապրող ժողովուրդին համար» ըսած է Պուայէ:

«Մենք պարտաւոր ենք ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղը, որպէսզի աշխարհին ցոյց տանք ղարաբաղեան ժողովրդավարութիւնը, որպէսզի աշխարհին հաղորդենք, որ այս երկրի ժողովուրդը կ'ուզէ ապրիլ ազատ ու անկախ», - շարունակեց ֆրանսացի պատգամաւորը: