Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Երկիր Մեդիա». 23 Ապրիլի երեկոյեան, Ազատութեան հրապարակէն ընթացք առած է ջահերով երթ՝ Հայոց Ցեղասպանութեան 98րդ տարելիցին առիթով, կազմակերպութեամբ ՀՅԴ Հայաստանի Երիտասարդական միութեան եւ «Նիկոլ Աղբալեան» ուսանողական միութեան:

Հաւաքական երթէն առաջ հրկիզուած է Թուրքիոյ դրօշը: Ապա ելոյթ ունեցած է ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ Վահան Յովհաննիսեան, որ դիտել տուած է, թէ այսօրուան միասնականութիւնը մեր ապագայ յաղթանակի ապաւէնն է։

«Արեւմտեան Հայաստանն այսօր էլ ոչնչացւում է, փոխւում են տեղանուններ: Մօտենում է 2015 թուականը: Մենք չենք հանգստանայ, մեզ պէտք չէ ներողութիւն, մեզ պէտք է հատուցում: Հատուցումն այսօրուայ կարեւոր խնդիրն է, ու մենք պէտք է դնենք հէնց հատուցման հարցը», յայտնած է ան՝ ընդգծելով, որ Հայ Դատ հասկացութիւնը կուսակցական չէ, հատուցման պայքարը սերտօրէն կապուած է արցախեան հարցի հետ: «Այս երթը գնում է դէպի Ծիծեռնակաբերդ, բայց հասնելու է դէպի Նեմրութ, Սիփան ու ամբողջական անկախացում», հաստատած է Ազգային ժողովի պատգամաւորը:

Երթի բազմահազար մասնակիցները բացի Եռագոյնէն բարձրացուցած էին «Ճանաչում, դատապարտում, հատուցում, արեան  յիշողութիւնը երբեք չի մոռացուի», «Քաղաքակիրթ աշխարհը ճանաչել է Հայոց Ցեղասպանու- թիւնը» եւ այլ գրութիւններ։ Շարքերը կ՛առաջնորդէր հսկայական խաչը:

Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ կատարուած է հոգեհանգստեան արարողութիւն եւ զետեղուած են ծաղիկներ, որոնք արդէն իսկ սկսած են բարձրանալ անմար կրակին շուրջ։

Յիշեցնենք, որ 1999 թուականէն ի վեր դէպի Ծիծեռնակաբերդ ջահերով երթ կը կազմակերպուի։