Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու քարոզարշաւի ծիրէն ներս ՀՅԴ-ն քայլերթ կազմակերպած էր Նոր Նորք վարչական շրջանը: Առաջադրուած են ՀՅԴ-ական 3 թեկնածուներ՝ Ենոք Աբրահամեանը, Լեւոն Գաբրիէլեանը եւ Արա Բաղրամեանը:

ՀՅԴ աւագանիի թեկնածուներու եւ դաշնակցական երիտասարդներու մասնակցութեամբ քայլերթը սկսաւ Նանսէն փողոցին մէջ գտնուող ՀՅԴ նախընտրական կեդրոնէն: Թէեւ եղանակը անբարենպաստ էր եւ փողոցներուն մէջ շատ մարդիկ չկար, սակայն, ինչպէս yerkir.am-ին հաւաստիացուց ՀՅԴ պատգամաւոր Արծուիկ Մինասեանը, այս մէկը բնաւ չի նեղացուց իրենց:

Թեկնածուները թռուցիկներ կը բաժնէին քաղաքացիներուն ու կը զրուցէին անոնց հետ: Բնակիչներէն շատերը իրենց հիասթափութիւնը կը յայտնէին գործող կառավարութեան, մի քանիներ չէին հետաքրքրուիր անգամ աւագա- նիի ընտրութիւններով , իսկ   շատերը անտեղեակ էին առաջադրուած քաղա- քապետի թեկնածուներէն:

«Լաւ է, որ շրջում են, բուկլետներ բաժանում, գոնէ կը կարդանք՝ կþիմանանք նրանց ծրագրերի մասին»,¬զրոյցի մը ընթացքին յայտնեց անկեղծացաւ բնակիչներէն մէկը:

Քայլերթի մասնակիցները այցելեցին նաեւ ԲՀԿ եւ ՀՀԿ տարածքային կեդրոններ: ՀՀԿ կեդրոնը ՀՅԴ-ականները ջերմ ընդունելութեան արժանացան, թռուցիկներ փոխանակեցին: Նոյնը կարելի չէ ըսել ԲՀԿ կեդրոնի մասին. այստեղ, երբ ՀՅԴ ԳՄ փոխ ներկայացուցիչ, Երեւանի աւագանիի թեկնածու Աղուան Վարդանեանը յայտարարեց, թէ Դաշնակցութեան կþընտրէք, ԲՀԿ-ական երի- տասարդները պարզապէս կարկամեցին:

Աւագանիի թեկնածուները շրջեցին նաեւ Նորքի տօնավաճառը, կարծիք- ներ փոխանակեցին վաճառողներուն հետ:

«Նոր Նորք համայնքում բազմաթիւ խնդիրներ կան, սակայն առաջնայինը՝ սոցիալականն է»,-yerkir.am-ի հետ զրոյցին ըսաւ Նոր Նորք համայնքի առաջադրուած աւագանիի ՀՅԴ-ական թեկնածու Լեւոն Գաբրիէլեանը:

  

«Ով ուզում է, որ Երեւանում ու Հայաստանում ոչինչ չփոխուի, թող քուէարկի ՀՀԿ-ի եւ ՕԵԿ-ի օգտին»

Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած վերջին ընտրութիւններու արդիւնքով նախագահը չի փոխուեցաւ, վարչապետը չի փոխուեցաւ, նաեւ կառավարութիւնը պիտի չփոխուի։ Մայիս 5-ին կայանալիք Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները հնարաւորութիւն են ՀՀԿ-ին           իր մենիշխանութենէն զրկելու համար։ Այս մասին ըսաւ ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմնի փոխ ներկայացուցիչ, աւագանիի ընտրութիւններու Դաշնակցութեան ցուցակի երկրորդ տեղը զբաղեցնող Աղուան Վարդանեանը։

Ըստ անոր խօսքերուն, Հայաստանի մէջ քաղաքացիները փոփոխութիւններ կը փափաքին տեսնել, բոլորը գիտեն, որ այսպէս կարելի չէ շարունակել, առանց այդ փոփոխութեան քաղաքացիները այս երկրին մէջ ապա- գայ չեն տեսներ:

«Ով ուզում է, որ Երեւանում ու Հայաստանում ոչինչ չփոխուի, թող քուէարկի ՀՀԿ-ի եւ ՕԵԿ-ի օգտին: Ես մի բան գիտեմ` Տարօն Մարգարեանը պատահական քաղաքապետ է. 2009 թուականին, երբ աւագանի էինք ընտրում, իրենց առաջին համարը Գագիկ Բեգլարեանն էր, Տարօն Մարգարեանը երկրորդն էր: Երբ Դոմինգոն Բեգլարեանին «հեռացրեց», Տարօն Մարգարեանին չնշանակեցին քաղաքապետ` երկրորդ համարին: Որովհետեւ գիտէին, որ սա մայրաքաղաք է` Հայաստանի հսկայ մասն է, ու քաղաքապետ նշանակեցին հինգերորդ համարին` Կարէն Կարապետեանին: Երբ նա թողեց ու գնաց, եւ մինչեւ հիմա էլ չեն ասում, չգիտենք, թէ ինչու թողեց-գնաց, նոր արդէն, ճար չունենալով, նշանակեցին Տարօն Մարգարեանին: Այնպէս որ` թող այսօր այնպէս չներկայացնեն, թէ նա իրենց չգիտեմ ինչ քաղաքապետն է: Տարօն Մարգարեանը լաւ քաղաքապետ չէ, նա լաւ ֆոն է Հանրապետականի մենիշխանութեան համար»,- ըսաւ Աղուան Վարդանեանը։

Ով որ փոփոխութիւն կþուզէ մայրաքաղաքին մէջ, երկրին մէջ, Մայիս 5-ին պէտք է քուէարկէ ընդդիմութեան՝ ՀՅԴ-ի օգտին։