Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Libra-6 Productions, Inc. կազմակերպութիւնը այսու կը յայտարարէ ՎԿԱՅԱԳՐՈՒԹԻՒՆՆԵՐ ծրագիրը, որ կը միտի ԱՆԳԼԵՐԷՆՈՎ հրատարակել Եղեռնի զոհերու, Եղեռնէն ազատողներու եւ անոնց գերդաստաններուն պատումները՝ գրի առնուած զոհերու եւ վերապրողներու յաջորդ սերունդին կողմէ:

Libra-6 Productions, Inc. Նիւ Եորք նահանգի մէջ արձանագրուած, ոչ շահաբեր կազմակերպութիւն է եւ համամարդկային խնդիրներ կը հետապնդէ՝ թատրոնի, արուեստի եւ մշակութային ձեռնարկներու միջոցով:

Կազմակերպութեան նորընտիր նախագահը՝ տոքթ. Հրանդ Մարգարեան ըսաւ. «Ամէն հայ Եղեռնի պատմութիւն մը ունի: Ամէն հայ նահատակ մը ունի իր հոգիին մէջ: Այս ծրագիրը կը ձգտի մեր նահատակներուն արդար դատը ներկայացնել համայն մարդկութեան: Ցարդ հրատարակուած յուշագրութիւններուն եւ բանաւոր ձայնագրութիւններուն կողքին, «Վկայագրութիւններ»-ը յաւելեալ նոր, դեռ չգրուած եւ չարձագանգուած վաւերական պատումներ պիտի պարունակէ: Կարելի պիտի չըլլայ Եղեռնի զոհերուն ամբողջական պատմութիւնները արձանագրել: Սակայն մեր պարտքն ու պարտականութիւնն է, կարելիութեան սահմաններուն մէջ, փրկել այն, ինչ որ կարելի է եւ այդ ահաւոր դէպքերը կեանքի կոչել՝ որպէս փաստերու յաւելեալ շերտ մը Եղեռնի 100-ամեակի նախօրեակին, ուղղուած՝ անհատներու, պետական կառոյցներու եւ համաշխարհային մարմիններու»:

Խմբագրական կազմի արհեստավարժ անդամներն են՝ Այրիս Չեքենեան, Այրիս Փափազեան, Րաֆֆի Սեթեան եւ Թամ Վարդապետեան, որոնք պիտի վերանային գրութիւնները հրատարակութեան պատրաստելու համար:

Այսօր քսանմէկ երկիրներ, Միացեալ Նահանգներու քառասուն նահանգներ եւ համաշխարհային ատեաններ պաշտօնապէս Եղեռնը ընդունած են որպէս Ցեղասպանութիւն: Սակայն երկիրներ կան, որոնք «Թուրքիան չվրդովեցնելու» քաղաքականութիւն կը վարեն եւ կը խուսափին ցեղասպանութիւն որակելու Եղեռնը: Թուրքիոյ պետութիւնը ամբողջովին կ’ուրանայ Եղեռնը: Այս ուրացման հակադիր շարժում մը սկսած է թուրք մտաւորականներու կողմէ, որոնք կը յորդորեն իրենց կառավարութիւնը՝ իրականութիւնը ընդունելու:

Կը սպասենք ձեր գրութիւններուն: Կը խնդրենք նկատի առնել հետեւեալ կէտերը.

1.- Գրութիւնները պէտք է անձնական վաւերական պատումներ ըլլան:

2.- Նշել զոհերուն, վերապրողներուն անունները, ծննդավայրերը, աքսորի ճանապարհը:

3.- Գրութիւնները 1-15 էջ, անգլերէն կամ հայերէն կրնան ըլլալ. թարգմանութիւնը անվճար է:

4.- Քաջալերելի է ընտանեկան կամ անհատական նկարներ, քարտէսներ ղրկել:

5.- Վաւերականութեան համար գրողները պէտք է ներկայացնեն իրենց համառօտ կենսագրական կէտերը, անունն ու մականունը, հասցէն, հեռախօսի թիւը, ե-հասցէն:

6.- Գրութիւն մը ընդունելու կամ մերժելու որոշումը վերապահուած է Libra-6ին:

7.- Նիւթական յատկացում պիտի չկատարուի ոեւէ գրողի:

8.- Հրատարակութիւնը կ՛արձանագրուի Միացեալ Նահանգներու օրէնքներուն համաձայն:

9.- Հրատարակուած գիրքէն օրինակ մը կը նուիրուի ամէն մէկ գրութեան հեղինակին:

10.- Ա. հատորը, 500 էջ, կը հրատարակուի ստացուած նիւթերուն առաջնահերթ կարգով:

11.- Գրութիւնները կարելի է յղել՝ e-mail: This email address is being protected from spambots. You need JavaScript enabled to view it.