Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Վերջերս տարածաշրջան այցելած Մինսկի խումբի համանախագահներու շփումներուն մասին անդրադառնալով, նախարար Էդուարդ Նալբանդեան խօսած է իրենց մասին,

յայտնելով թէ տագնապի լուծման ուղղուած բաւական ջանքեր կը գործադրեն անոնք եւ Հայաստան մշտապէս դրական վերաբերում ցուցաբերած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներուն կողմէ հանդիպումներու կազմակերպման վերաբերեալ առաջարկներուն: «Այս անգամ մենք նոյնպէս դրական արձագանգեցինք: Տարբեր գաղափարներ կան, թէ ո՛ւր եւ ե՛րբ պէտք է Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու հանդիպումը է կատարել: Կը կարծեմ, թէ ինչպէս համանախագահները կը նշեն, մօտակայ շաբաթներուն ընթացքին այդ պիսի կարելիութիւն պիտի ունենանք», ըսաւ ան:Ըստ նախարար Նալբանդեանի, Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման բանակցային հոլովոյթին մէջ յառաջընթաց չկայ եւ անոր պատճառը ո՛չ Ղարաբաղն է, ո՛չ Հայաստանը եւ ո՛չ ալ եռանախագահները: Նախարարը շեշտեց, որ պատճառը Ազրպէյճանն է: Նախարարը աւելցուց, որ համանախագահները տագնապի լուծման ուղղուած բաւական ջանքեր կը գործադրեն եւ Հայաստան մշտապէս դրական վերաբերում ցուցաբերած է ԵԱՀԿ-ի Մինսքի առաջարկներուն: