Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամ, Հայաստանի Ազգային ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան պատգամաւոր, «Եւրանեսթ»-ի մէջ հայաստանեան պատուիրակութեան ղեկավար Վահան Յովհաննիսեան ելոյթ ունեցաւ Սպանիոյ խորհրդարանին մէջ՝ ներկայացնելով ղարաբաղեան տագնապի իսկական պատկերը:

Ըստ անոր, ճիշդ 25 տարի առաջ, 1988-ին, ինք, կանգնած Երեւանի մէջ տեղի ունեցող հանրահաւաքի մասնակիցներու կողքին, հպարտ էր, որ իր հայրենակիցները՝ հայերը, խիզախօրէն կանգնեցան Խորհրդային Միութեան ճնշող մեքենային դէմ ու պաշտպանեցին ազգային արժանապատուութիւնը եւ մարդկային իրաւունքները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: 

«Քառորդ դար անցաւ, Խորհրդային Միութիւնը եւ շատ այլ բաժանարար պատեր փլուզումի ենթարկուեցան, նոր պետութիւններ ծնեցան եւ մենք այսօր կ՛ապրինք նոր փոխուած աշխարհին մէջ: Սակայն անցեալէն մնացած որոշ մասնիկներ կը շարունակեն խաղաղութեան հաստատման համար նոր վտանգ ստեղծել, ինչպէս նաեւ Հայաստանի եւ Հարաւային Կովկասի հաւանական զարգացումը խափանել: Այդ խոչընդոտներէն մեծագոյն վտանգը կը ներկայացնեն Ատրպէյճանի տարածքային պահանջները եւ յարձակողական վարքագիծը Լեռնային Ղարաբաղի նկատմամբ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան՝ այնուհետեւ ներկայացնելով տագնապի ակունքները:

Ան ընդգծեց, որ Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի միջեւ քաղաքական տագնապը սկսաւ տակաւին 1918 թուականին, երբ «Ատրպէյճան» կոչուող երկիր մը յայտնուեցաւ քարտէսին վրայ: Ատիկա այն ժամանակն էր, երբ հայ ժողովուրդը թուլացած էր Օսմանեան Թուրքիոյ մէջ իր նկատմամբ իրականացուած ցեղասպանութենէն եւ պատերազմէն, սակայն ուժ գտաւ՝ վերականգնելու իր հայրենիքը աւերակներէն ու մոխիրէն եւ ստեղծելու սեփական անկախ պետութիւն: Բայց անկախութիւնը երկար չտեւեց. 1920 թուականին Հայաստանի առաջին Հանրապետութիւնը կրկնակի յարձակումի ենթարկուեցաւ քեմալական Թուրքիոյ եւ պոլշեւիկեան Ռուսիոյ կողմէ: Անոնք շրջապատեցին եւ բաժան-բաժան ըրին Հայաստանը՝ նոյն բեմագրութեամբ, որով ստալինեան Ռուսիան եւ նացիական Գերմանիան գրաւեցին ու մասնատեցին Լեհաստանն ու Պալթեան երկիրները: Թշնամիի ուժերը շատ աւելի գերազանցող էին եւ անկախութիւնը կորսուեցաւ: Իսկ յետոյ Հայաստանը դաժանօրէն պատժուեցաւ՝ դարձեալ մասնատուեցաւ, Նախիջեւանի տարածքը, ինչպէս նաեւ Ղարաբաղը ստիպողաբար, իրենց կամքին հակառակ միացուեցան Ատրպէյճանին, որ ինքնակամ մտաւ Խորհրդային Միութեան կազմին մէջ:

ՀՅԴ Բիւրոյի անդամը ընդգծեց, որ ամբողջատիրական վարչակարգը օգտագործեց տարբեր միջոցներ՝ ազգային հանրապետութիւնները հնազանդ պահելու համար: Անոնցմէ մէկը կը կոչուէր «Կովկասեան տարբերակ»: Անոր հիմնական նպատակն էր այլանդակել եւ աղաւաղել ազգային կամ վարչական սահմանները: Անոնք այնպէս գծուած էին, որ որեւէ ազգային խումբ չէր կրնար կտրել-անցնիլ սահմանը առանց դրացիներու հետ տագնապին: Ասիկա միակ տարբերակը չէր: Կար նաեւ «Պալթեան տարբերակը», երբ հանրապետութիւններու ազգային կազմը թիրախ կը դառնար, բայց Հարաւային Կովկասի տագնապները հիմնականին մէջ յառաջացան արհեստականօրէն գծուած սահմաններու պատճառով:

«Ստիպողաբար Ատրպէյճանի կազմին մէջ յայտնուած Ղարաբաղի բնակչութեան 95 առ հարիւրը տարատեսակ ճնշումներու կ՛ենթարկուէրազգային եւ կրօնական խտրականութիւն, տնտեսական խոչընդոտներ եւ ժողովրդագրական միտումնաւոր ձեռնածութիւն՝ յառաջացնելով ազգային զտում: Սակայն խորհրդային եւ ազրպէյճանական վարչակարգերուն երկարատեւութիւնը չէին ջնջած հայերունազատութիւն եւ անկախութիւն ունենալու ցանկութիւնըո՛չ Հայաստանի մէջ, ո՛չ ալ Ղարաբաղի մէջ», յայտարարեց Վահան Յովհաննիսեան: Ան շարունակեց, որ 1988-ին հայերը, ոգեւորուած ու խաբուած «փերեսթրոյքայով եւ կլասնոսթով»  սկսան իրենց խաղաղ պայքարը՝ Ատրպէյճանէն դուրս գալու համար, մինչդեռ Խորհրդային Ատըրպէյճանի պատասխանը եղաւ դաժան բռնութիւնը եւ կոտորածները, որոնք կը կազմակերպուէին իշխանութիւններու կողմէ անզէն հայերու դէմ:

«26 Փետրուար 1988-ին միջազգային հանրութիւնը ականատես եղաւ Սումկայիթի հայերու ջարդերուն: Սումկայիթը այդ ժամանակ Ատրպէյճանի մեծագոյն քաղաքներէն եւ արդիւնաբերական կեդրոններէն մէկն էր: Ջարդարարները լիակատար աջակցութիւն կը ստանային խորհրդային երկիրներու իշխանութիւններուն եւ զինեալ ուժերուն կողմէ», նշեց Վահան Յովհաննիսեան՝ ներկայացնելով նաեւ այն ժամանակ Եւրոպական խորհրդարանին կողմէ ընդունուած բանաձեւը, որուն մէջ եւրոպացի երեսփոխանները կը դատապարտէին Սումկայիթի մէջ, Պաքուի մէջ տեղի ունեցած հայկական կոտորածները, եւ հաշուի առնելով Ատրպէյճանի մէջ հայերու կեանքի համար առկայ վտանգները, ինչպէս նաեւ այն փաստը, որ Լեռնային Ղարաբաղը հայկական պատմական տարածք է, կ՛աջակցէին Լեռնային Ղարաբաղի՝ Խորհրդային Հայաստանի միացման:

Վ. Յովհաննիսեան միջազգային ընտանիքին կոչ ուղղեց ճանչնալու Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան անկախութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան միջազգային ճանաչումը չի նշանակեր թշնամանք Ատրպէյճանի նկատմամբ: Անիկա երկարաժամկէտ կերպով պիտի ծառայէ երկկողմանի շահերուն: Ատրպէյճանն ու Ղարաբաղը կրնան շուտով իրենց ողբերգական անցեալը թօթափել եւ միասին մտածել պայծառ ապագայի մասին», յայտնեց Վահան Յովհաննիսեան: