Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Թաչէրի յուղարկաւորութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ԱԺ փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղտալեանը

Գիւմրիի «Լորտ Պայրըն» դպրոցին մէջ մնայուն անկիւն մը յատկացուած է Մեծն  Բրիտանիոյ՝ նոր մահացած նախկին վարչապետուհի Մարկարէթ Թաչէրի յիշատակին:

Մարկարէթ Թաչէր Գիւմրիի
(Լենինականի) մէջ, Յունիս 1990ին

Յիշեցնենք, որ «Երկաթեայ Տիկին»ը, 1988ի երկրաշարժի յաջորդած շրջանին՝ 1990 Յունիս 10ին, Հայաստան այցելած էր՝ Խորհրդային Միութիւն կատարած իր շրջապտոյտի ծիրէն ներս: Այդ առթիւ, ան բացումը կատարած էր Գիւմրիի «Լորտ Պայրըն» դպրոցին, որու շինութեան ծախսերը (շուրջ 8 միլիոն սթերլին) հոգացած էին բրիտանական կառավարութիւնը եւ ժողովուրդը: Աւելցնենք նաեւ, որ Սերժ Սարգսեան ցաւակցական հեռագիր մը ղրկած է Մեծն Բրիտանիոյ վարչապետ Տէյվիտ Գեմըրոնին, ուր դրուատելէ ետք տիկին Թաչէրի քաղաքական վաստակն ու յատկանիշերը, գրած է, թէ Հայաստան լաւ կը յիշէ աւերիչ երկրաշարժէն ետք՝ Մեծն Բրիտանիոյ ցուցաբերած օգնութիւնը, որ կազմակերպուեցաւ հանգուցեալ նախկին վարչապետուհիին ղե- կավարութեան տակ: Ինչպէս հաղորդուեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային Ժողովին կողմէ Մարկարէթ Թաչէրի յուղարկաւորութեան Հայաստանը պիտի ներկայացնէ ԱԺ փոխ նախագահ Հերմինէ Նաղտալեանը, որ Մեծն Բրիտանիա կ'ուղղուի այս նպատակով: