Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններու պաշտօնական քարոզարշաւի առաջին շաբաթուայ արդիւնքներու ու առաջիկայ գործունէութեան մասին «Ռատիոլուրի» հետ զրոյցին խօսած է ԱԺ ՀՅԴ խմբակցութեան քարտուղար, կուսակցութեան համասնական ցուցակի երկրորդ հորիզոնականը զբաղեցնող Աղուան Վարդանեանը:

Փոփոխութիւնները սկսած էին Երեւանէն ու տարածուած էին ամբողջ հանրապետութեան մէջ. Երեւանի աւագանիի ընտրութիւներուն ՀՅԴ-ն կը մասնակցէր ու կ'առաջնորդուէր այս սկզբունքով: Ընտրապայքարին կուսակցութիւնը պատրաստուած է բծախնդրութեամբ եւ այն կ'իրականացնէ ներդնելով ունեցած ամբողջ ներուժը: Մայրաքաղաքը արդիւնաւէտ կառավարելու բոլոր շեշտադրումները ամփոփւած են կուսակցութեան նախընտարակ ծրագրով:

«Երեւանցիներին կը փորձենք համոզել, որ ի վիճակի ենք այս ոլորտում անել աւելին, քան արւում է»,-ըսաւ խորհրդարանական խմբակցութեան քարտուղարը: Աղուան Վարդանեանի խօսքով, Դաշնակցութիւնը պատրաստ է աշխուժ եւ բաց բանավէճի: