Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն մարմինի ներկայացուցիչ, Ազգային Ժողովի ՀՅԴ խմբակցութեան ղեկավար Արմէն Ռուստամեան, Ազգային ժողովի աւանդական զրոյցին ընթացքին, նկատի ունենալով Սերժ Սարգսեանի երդման արարողութիւնը յայտնեց, որ 9 Ապրիլին տեղի ունեցաւ երդման մէկ արարողութիւնը, որուն ՀՅԴ-ն չմասնակցեցաւ:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ դժբախտաբար Ազատութեան հրապարակին վրայ իրադարձութիւնները ընթացան այն բեմագրութեամբ, որուն մասին Դաշնակցութիւնը կը զգուշացնէր: Ան նշեց, որ ինք անձամբ երեք անգամ խօսք առած է եւ յայտարարած, որ մենք միշտ սխալ ճամբով գացած ենք, բայց անկէ դասեր չենք քաղած:

«Երբ հարցը կը դնես «ամէն ինչ» եւ «հիմա» տրամաբանութեամբ, առաւելապաշտական խնդիրներ կը ձեւաւորես եւ այդ խնդիրներուն չես հասնիր, ատիկա յուսահատութիւն կը յառաջացնէ ժողովուրդին մօտ: Բայց եթէ կը փորձես արագ եւ այդ պահուն հասնիլ ամբողջական նպատակի իրականացման, ատիկա կը մղէ աւելի վճռական գործողութիւններու, որոշ պարագաներու՝ նաեւ յանպատրաստից: Մեզի համար ասիկա անընդունելի էր եւ մենք կ՛ըսէինք, որ ճիշդ ճամբան հանգրուանային ընտրութիւններով շարժումը զօրացնելու ճամբան է», նշեց Ռուստամեան:

Դաշնակցութիւնը երկու հանգրուանային յաջողութեան կարելիութիւն կը տեսնէր՝ մէկը՝ իշխանութիւններուն արմատական խորքային բարեփոխումներու մղելն էր, միւսը՝ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններն էին, երբ Րաֆֆի Յովհաննէսեան, ըստ Էութեան, չհամաձայնեցաւ գլխաւորել միասնական ցուցակը՝ կարծելով, թէ կը նսեմացնէր նախագահական ընտրութիւններուն իր յաղթանակը:

Ըստ Ռուստամեանի, 9 Ապրիլին ժողովուրդը երեք մասի բաժնուած էր: Մէկ մասը շատ վճռական կ՛ուզէր հասնիլ Բաղրամեան 26, մէկ մասը՝ անվերապահ ընդունելով Րաֆֆի Յովհաննէսեանի առաջնորդութիւնը, հետեւեցաւ անոր մինչեւ Ծիծեռնակաբերդ, ժողովուրդին երրորդ զանգուածն ալ չէր գիտեր, թէ ո՛ւր պէտք էր երթար:

«Կ՛ըսեն՝ Դաշնակցութիւնը ժողովուրդին հետ չէր: Մենք ժողովուրդին մէջն էինք, մենք այնտեղ էինք: Նախ՝ ժողովուրդին ո՞ր հատուածին մասին է խօսքը, որ կ՛ըսէին իր կողքը չենք եղած: Բեմագրութիւնը մերը չէր, բեմագրութեան մշակման մասնակից չենք եղած: Այդ օրուան բեմագրութեան մշակողն ու իրականացնողը Րաֆֆին էր, եւ բնականաբար այս ամէնը յանգեցուց անոր, որուն մասին մենք նախանշած էինք: Բայց միւս կողմէ ես չեմ կարծեր, որ շարժումը ձախողած է այն աստիճան, որ այլեւս ընթացք չկայ: Կայ այդ ընթացքը, կայ այդ կարելիութիւնը», յայտարարեց Ռուստամեան:

Դաշնակցական պատգամաւորը նշեց, որ եթէ իշխանութիւններուն վրայ ճնշումը թոյլ ըլլայ, բնականաբար կամովին զիջումներ չեն կատարեր: Ռուստամեան ամէն ինչ կորսուած չնկատեց: Ըստ անոր, ընդդիմադիր շարժումը նոր շունչ հաղորդած է այս ամէնուն, աւելի յստակ ներկայացուած են պահանջները:

Ան նշեց, որ ուշ կամ կանուխ ընդդիմութիւնը միասնական օրակարգի մը շուրջ պիտի համաձայնի եւ այդ փոփոխութիւնները իշխանափոխութեան պիտի յանգեցնեն:

Միւս կողմէ, «Կենտրոն» պատկերասփիւռի կայանի «Ուրուագիծ» հաղորդաշարին տրուած հարցազրոյցին ընթացքին Ռուստամեան ընդգծեց, որ նախագահական եւ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւններուն տարբերութիւնը այն է, որ առաջինը միապաշտօն ընտրութիւն է, իսկ հիմա ընդդիմութենէն քաղաքապետ կրնայ ընտրուիլ ընտրութիւններէն ետք: Ըստ անոր, այդ պարագային արդէն քաղաքական ուժերը կրնան ներսը համախմբուիլ եւ հարցեր լուծել:

«Մեր հիմնական նպատակն է Երեւանի մէջ ընդդիմութեան իշխանութիւն հաստատել», ըսաւ Ռուստամեան:

«Բազմաթիւ երկիրներու մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան եկած է մայրաքաղաքի ղեկավարութեամբ: Անկախ անկէ՝ քաղաքապետարանին մէջ ընդդիմութիւնը իշխանութեան համար հակակշիռ կը ստեղծէ, առողջ մրցակցութիւն պիտի ըլլայ արդէն: Եւ անոր համար կ՛ուզենք, որ երեւանցին կարեւոր նկատէ այս քաղաքական հոլովոյթը», յայտնեց ան: