Հայաստան այցելեց Վրաստանի արտաքին գործերու նախարար Մայա Փանջիկիձէն, որուն ընդունեց Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեանը։
Հանդիպման ընթացքին Մայա Փանջիկիձէ եւ Հայաստանի իր պաշտօնակից Էդուարդ Նալբանդեան Սերժ Սարգսեանին ներկայացուցին երկու երկիրներու արտաքին գործոց նախարարութիւններուն միջեւ համագործակցութեան ամրապնդման ուղղուած քայլերը, ինչպէս նաեւ հայ-վրացական պետական սահմանին սահմանագծման ու սահմանազատման յանձնախումբին կողմէ իրականացուող աշխատանքներուն ընթացքը:
Նախագահ Սերժ Սարգսեան շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիին՝ Վրաստանի մէջ գտնուող հայկական յուշակոթողներուն նկատմամբ ցուցաբերած ուշադրութեան եւ անոնց վերականգնման աջակցելու պատրաստակամութեան համար:
Զրուցակիցները քննարկեցին երկու երկիրներուն միջեւ մշակոյթի, կրթութեան, զբօսաշրջութեան եւ շարք մը այլ մարզերու մէջ համագործակցութեան խորացման, տնտեսական կապերու ամրապնդման եւ այդ մարզերուն մէջ առկայ մեծ ներուժը լիարժէքօրէն օգտագործելու կարելիութիւնները:
Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները միտքեր փոխանակեցին նաեւ շրջանային խնդիրներուն, Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ համագործակցութեան վերաբերեալ:
Ինչպէս «Արմէնփրես»-ին տեղեկացուցին ՀՀ կառավարութեան տեղեկատուութեան եւ հասարակայնութեան հետ կապերու վարչութենէն, Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը հանդիպում ունեցաւ նաեւ վարչապետ Տիգրան Սարգսեանի հետ։
Զրուցակիցները ընդգծեցին Հայաստանի եւ Վրաստանի կառավարութիւններուն միջեւ ձեւաւորուած ջերմ յարաբերութիւններու մակարդակը եւ նշեցին, թէ երկու երկիրներուն միջեւ անլուծելի հարցեր չկան: Տիգրան Սարգսեանը շնորհակալութիւն յայտնեց Վրաստանի կառավարութեան՝ հայկական կողմի բարձրացուցած խնդիրներուն արձագանգելու եւ լուծումներ գտնելու համար:
Անդրադառնալով տնտեսական յարաբերութիւններուն՝ Տիգրան Սարգսեանը կարեւորեց երկու դրացի երկիրներուն միջեւ միասնական շուկայի ձեւաւորման անհրաժեշտութիւնը, ինչը պիտի նպաստէ երկկողմ գործարարական կապերու նոր ծրագրերու իրականացման եւ ընդլայնման: Այդ ծիրէն ներս երկու կողմերը անդրադարձան գիւղատնտեսութեան, փոխադրութեան եւ տնտեսութեան այլ ճիւղերու մէջ համագործակցութեան հարցերու, սահմանային անցակէտերու արդիականացման ծրագրի ընթացքին, այնտեղ միասնական ծառայութիւններու մատուցման հնարաւորութեան եւ նոր արհեստագիտութիւններու ներդրման։
Անդրադառնալով մշակութային բնագաւառէն ներս համագործակցութեան հնարաւորութիւններու՝ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարը տեղեկացուց, որ Վրաստանէն ներս գտնուող հայկական յուշակոթողներու վերականգնման ծրագիրը կ'իրականացուի հայկական համայնքի մասնակցութեամբ:
Կողմերը քննարկեցին նաեւ Եւրոպական Միութեան եւ ԱՊՀ-ի շրջանակներէն ներս տեղի ունեցող համարկման գործընթացներուն առնչուող հարցեր: