Print
Category: Հայաստան-Արցախ

ԵՐԵՒԱՆ, «Արմէնփրէս».- Թրքական «Միլլիյէթ» թերթի լրագրող, «1915. Հայկական Ցեղասպանութիւն» գիրքի հեղինակ Հասան Ճեմալի պաշտօնազրկումէն քանի մը շաբաթ ետք միայն, «ՀապերԹիւրք»ը պաշտօնազրկած է սիւնակագիր Ամպերին Զամանը, որ յայտնի է Հայկական Ցեղասպանութեան, Հայկական Հարցին եւ հայ-թրքական յարաբերութիւններու վերաբերող իր բազմաթիւ յօդուածներով:

Ըստ թրքական «T24» կայանին՝ Զաման այս որոշումը անակնկալ մը չէ նկատած: Ան նշած է, որ զինք աշխատանքէ հեռացուցած են հաւանաբար Սուրիոյ ճգնաժամին մէջ Թուրքիան մեղաւոր նկատող եւ քրտական տագնապի լուծման իր տարբերակին մասին յօդուածներ հրապարակելուն համար:

«ՀապերԹիւրք»ի թղթակցելուն զուգահեռ, Զաման նաեւ բրիտանական «Իքոնոմիսթ» շաբաթաթերթի՝ Թուրքիոյ ներկայացուցիչներէն էր:

Ան աւելցուցած է, թէ զինք պաշտօնազրկելու այլ պատճառ մըն է Թուրքիոյ մէջ առկայ ոչ ժողովրդավարական իրավիճակը, որուն հետեւանքներէն մէկն է այն, որ զանգուածային լրատուամիջոցները կը շարունակեն մնալ իշխանութիւններու վերահսկողութեան տակ:

Զաման աշխատակացած է եւ կ՛աշխատակցի նաեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ», «Լոս Անճելըս Թայմզ» ու «Տէյլի Թելեկրաֆ» թերթերուն: Ան քաղաքական գիտութիւն ուսանած է Զուիցերիոյ եւ Նիւ Եորքի մէջ: