Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Երեւանի աւագանիի ընտրութիններուն մասին խօսելով, «Երեւանը եղանակային ծաղիկներ տնկելու համար չէ» ըսաւ «Բարեւ Երեւան» ցուցակի ներկայացուցիչ Ստեփան Սաֆարեան:

ՀՅԴ Հայաստանի Գերագոյն Մարմինի փոխներկայացուցիչ Արսէն Համբարձումեան, որ կը ներկայացնէ ՀՅԴ-ի աւագանիի ցուցակը, վստահ է, որ եթէ ընտրուի կրկին գործող քաղաքապետը՝ անկախ տուեալ անձին կարողութիւններէն, նշանակովի ըլլալով՝ ի վիճակի պիտի չըլլայ արդիւնաւէտ կառավարել, քանի որ կախուածութեան մէջ պիտի ըլլայ:

Աւագանիի Հայաստանի հանրապետական կուսակցութեան թեկնածու Յովհաննէս Թոքմաճեան՝ պատասխանելով ընդդիմադիրներու նշած բազմաթիւ խնդիրներուն, որոնք առկայ են Երեւանի մէջ՝ վստահեցուց, որ ժողովուրդը 5 Մայիսին պիտի գնահատէ, թէ գործ կը կատարուի՞, թէ՞ չի կատարուիր:

Համբարձումեան յայտնեց, որ Երեւանի աւագանիի ընտրութիւնները քաղաքական ընտրութիւններ են եւ պայքարի դուրս եկած ուժերը ատիկա պէտք է հաշուի առնեն: Երեւան իր տնտեսական կարողութեամբ, բնակչութեան թիւով աւելին է, քան համայնքը, ուստի ընդդիմադիր քաղաքական ուժերը՝ անկախ իրենց ծրագիրներէն, պէտք է համագործակցին եւ կարելիութեան պարագային յետընտրական շրջանին նոյնիսկ համաձայնական դաշինք կազմելով պայքարին իշխող քաղաքական մենաշնորհը մայրաքաղաքին մէջ վերացնելու համար:

«Մենք ընտրապայքարի մէջ մտած ենք նախ եւ առաջ բոլոր դժբախտութիւններու պատճառ մենաշնորհը ջնջելու համար», նշեց Համբարձումեան:

Համբարձումեան նշեց, որ այսօր Երեւան կանաչապատ տարածքներով երեք անգամ կը զիջի համապատասխան չափանիշներուն:

Ներկայիս աւագանին չէ արդարացուցած ինքզինք, փոխադրամիջոցներու, քաղաքաշինութեան, կանաչապատման խնդիրները ամբողջութեամբ չեն լուծուած: Իսկ ճիշդ ընտրութիւն կատարելու համար անհրաժեշտ է աշխուժ եւ արդար մրցակցային դաշտ, մինչդեռ Հանրապետական կուսակցութիւնը հակառակը կ՛ընէ: