Ապրիլ 8-ին ԱԳ նախարար Էդվարդ Նալբանդեան հանդիպեցաւ աշխատանքային այցով Երեւան ժամանած իր իրանցի գործընկեր Ալի Աքբար Սալեհիին:
Ողջունելով հիւրի ներկայութիւնը նախարար Նալբանդեան բարձր գնահատեց հայ-իրանական վստահելի եւ բարեկամական յարաբերութիւնները, որոնք երկուստեք ջանքերու շնորհիւ կը շարունակեն վերընթաց զարգացում ապրիլ:
Ալի Աքբար Սալեհին, շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ ընդունելութեան համար, նշեց, որ շատ ուրախ է բարեկամ Հայաստանի նախագահի երդմնակալութեան մասնակցելու նպատակով Երեւան այցի համար, ինչ որ նաեւ լաւ հնարաւորութիւն մըն է ի մի բերելու երկու երկիրներու ղեկավարներուն միջեւ ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու կատարման ընթացքը եւ նախանշելու նոր ծրագրեր։
Երկու նախարարներու հանդիպման ընթացքին քննարկուեցան երկկողմ յարաբերութիւններու քաղաքական, տնտեսական, միջխորհրդարանական, ուժանիւթային, փոխադրութեան, կրթամշակութային, զբօսաշրջութեան մարզերէն ներս համագործակցութեան առնչուող հարցեր:
Էդվարդ Նալբանդեանն ու Ալի Աքբար Սալեհին անդրադարձան նաեւ հայ-իրանական միջ¬կառավարական յանձնաժողովի աշխատանքներուն։
Հայաստանի եւ Իրանի արտաքին գործոց նախարարները մտքեր փոխանակեցին միջազգային եւ տարածաշրջանային հիմնախնդիրներու եւ Իրանի միջուկային ծրագրի գծով բանակցութիւններուն շուրջ։