Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Յունական ՖԱՂԷ ընկերութիւնը համաձայնութիւն կը կնքէ Հայաստանի SAS Group վաճառախանութներուն հետ

Առաջին անգամ ըլլալով յունական մածունը մուտք կը գործէ Հայաստանի մէջ, ՍԱՍ Կրուփ վաճառախանութներու եւ հելլէն ՖԱՂԷ ընկերութեան միջեւ համաձայնութեան կնքումէն հետ:

Լուրը հաղորդած է Երեւանի մէջ յունական դեսպանութիւնը, յայտնելով թէ Հայաստան մածունի բարձր որակի սպառման մէջ առաջնակարգ դիրքեր կը գրաւէ: Նախապէս շուկայի մէջ մածունի պահանջքը գոհացած է հոլանտական եւ իտալական արտադրութիւններով, որ տարեկան կազմած են 180 թոն: