Ապրիլ 8-ին Էդուարդ Նալբանդեան ընդունեց Հայաստանի մէջ Մեքսիքոյի նորանշանակ դեսպան Ռուբէն Ալպերթօ Բելտրան Գեռերոյին՝ հաւատարմագրերու պատճէնի յանձնման կապակցութեամբ:
Շնորհաւորելով դեսպանին նշանակման առթիւ՝ նախարար Նալբանդեանը յոյս յայտնեց, որ ան իր աշխատանքով նոր կապ կը ստեղծէ երկու երկիրներու յարաբերութիւններու ընդլայնման եւ ամրապնդման: Հայաստանի արտաքին քաղաքական գերատեսչութեան ղեկավարը յոյս յայտնեց, որ անցած տարի Մեքսիքօ իր այցելութեան ընթացքին ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւններու իրականացումը յաւելեալ խթան կը հանդիսանայ հայ-մեքսիկական փոխ գործակցութեան զարգացման համար: Էդուարդ Նալբանդեանը նշեց, որ Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում ընդունած է այս տարի Մեքսիքոյի մէջ Հայաստանի դեսպանութիւն բանալու մասին:
Շնորհակալութիւն յայտնելով ընդունելութեան համար՝ դեսպան Գեռերոն նշեց, որ իր երկիրը կարեւոր կը նկատէ Հայաստանի հետ համակողմանի յարաբերութիւններու զարգացումը եւ հաւաստիացուց, որ բոլոր ջանքերը կը ներդնէ հայ-մեքսիկական բարեկամութիւնը ալ աւելի խորացնելու համար: