Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Մոմավառութիւն՝ Պռոշեանի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին

Երէկ երեկոյեան Երեւանի «Ազատութեան» հրապարակին վրայ մոմավառութիւն տեղի ունեցաւ ի յիշատակ Պռոշեան գիւղի սպաննուած գիւղապետ Հրաչ Մուրադեանի։

Հաւաքուած ժողովուրդը դիտեց Հրաչ Մուրադեանի յիշատակին պատրաստուած ժապաւէն մը, ապա բոլորը ժամադրուեցան այսօր Ապրիլ 5ին դէպի Պրոշեան գիւղ երթին, ուր պիտի կատարուի գիւղապետի թաղման կարգը։ 

Երկու եղբայրներ ձերբակալուած են

NEWS.am կը յայտնէ թէ Հրաչ Մուրադեանի սպանութեան ամբաստանութեամբ ձերբակալուած են Պռոշեան գիւղի բնակիչներ Արայիկ եւ Արտակ Պետրոսեան եղբայրները:
Առայժմ յայտնի չեն մանրամասնութիւններ։