Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Անարգ յարձակում Արցախի ազատամարտիկ հերոսին դէմ

Երէկ առաւօտեան Կոտայքի մարզի Պռոշեան գիւղի գիւղապետարանի մօտ մահափորձի զոհ դարձած է գիւղապետ Հրաչ Մուրատեանը:
Հրաչ Մուրատեան շուրջ ութ տարի կը ղեկավարէր Պռոշեան համայնքը:

Հրաչ Մուրատեան այն հարիւր քաջերուն մէջ էր, որոնք 1988-ին միայն Պռոշեան համայնքէն անդամագրուեցան Արցախեան ազատամարտին: Հերոսական մասնակիցներէն մէկն էր: Հռչակաւոր Պետրոս Ղեւոնդեանի հետ անցած էր ազատամարտի բոլոր ճակատներով՝ Շահումեանէն մինչեւ Ֆիզուլի: Հրաչ Մուրատեանը 90 թուականէն անդամ էր Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան: Անոր շատ ընկերները զոհուեցան ազատամարտին թշնամիի գնդակէն: Այդ գնդակը խնայեց զինք պատերազմի դաշտին մէջ, բայց արդէն Ապրիլ 2-ի առաւօտեան արձակուած ոչ պակաս թշնական փամփուշտը չխնայեց խիզախ ազատամարտիկի, գործունեայ ղեկավարի եւ պարզապէս հիանալի մարդու կեանքը: Այս մասին կը հաղորդէ yerkirmedia.am-ը:

Հրաչ Մուրատեանի ընտանիքը 1966-ին Հայաստան տեղափոխուած է Սուրիայէն: Ան ծնած էր 1963 Յուլիս 1-ին՝ Պռոշեան գիւղին մէջ, աւարտած էր տեղի միջնակարգ դպրոցը, բարձրագոյն կրթութիւն ստացած էր Երեւանի «Մեսրոպ Մաշտոցի» անուան համալսարանին մէջ: Ամուսնացած էր, ունէր երկու դուստր եւ երկու որդի:

«Մեր երկրի կառուցման համար չպէտք է խնայենք ոչինչ, պետական մտածելակերպ դրսեւորենք եւ լաւ հայ լինելու պատուին արժանանանք: Փոքր ազգ լինելու հանգամանքը մեզ աւելի պիտի պարտադրի հայրենասէր, ազգասէր ու միասնական լինել»,- կ'ըսէր Պռոշեանի գիւղապետը:

Այս իսկ կարգախօսով ան 2005 թուականէն կը ղեկավարէր Պռոշեանը: Անցեալ տարի Սեպտեմբերին կայացած ընտրութիւններուն պռոշեանցիներուն մեծամասնութիւնը կրկին վստահեցան Հրաչ Մուրատեանին: Ի դէպ, Կոտայքի մարզին մէջ Հրաչ Մուրատեան կը համարուէր, կամ գրեթէ այն միակ համայնքապետն էր, որ անկախ էր, ինքնուրոյն, որ սովորաբար շատ քիչ կարելի է հանդիպիլ մեր օրերուն:

Գիւղապետին սպաննեցին՝ գլխուն կրակելով

Հրաչ Մուրատեանի դին, ըստ համագիւղացիներու վկայութեանց, յայտնաբերեց իր եղբայրը՝ Աշոտ Մուրատեանը:
50-ամեայ դաշնակցական գիւղապետը սպաննուած էր առաւոտուն՝ գիւղապետարանի բակէն ներս: Ան մահացած է աջ քունքէն փամփուշտ ստանալով: Հայաստանի ոստիկանութեան Նայիրիի քննչական բաժանմունքի պետ Արսէն Սարգսեանը լրագրողներու յայտնեց, որ յարուցուած է քրէական գործ Քրէական օրէնսգրքի երկու յօդուածներու հիմամբ՝ սպանութեան եւ ապօրինի կերպով զէնք, ռազմամթերք կրելու յատկանիշներով:
Այլ տեղեկութիւններ չեն հաղորդուած: Կասկածեալներու կամ ականատեսներու մասին ոչինչ փոխանցուած է:
Ձերբակալուածներ չկան: