Print
Category: Հայաստան-Արցախ

PanARMENIAN.Net.- 1983թ. ի վեր ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի 22-րդ Գլխաւոր խորհրդաժողովի հաւանութեան արժանանալէն ետք յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային խորհուրդը /ԻԿՕՄՕՍ/ Ապրիլ 18-ը կը նշէ որպէս յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օր՝

կոչ ուղղելով հնագիտական եւ յուշարձանային ժառանգութեան վայրերը այդ օրը նշանաւորել յատուկ նախաձեռնութիւններով ու միջոցառումներով: Միջազգային հանրութեան առաջարկուած օրը նշել «Կրթութեան ժառանգութիւնը» խորագրին տակ:

Ապրիլ 18-ին ընդառաջ՝ Յուշարձաններու եւ տեսարժան վայրերու միջազգային օրուայ ծիրէն ներս ՀԿ-ն կ'անդրադառնայ Հայաստանի կրթութեան անշարժ ժառանգութեան օրինակներուն՝ նպատակ ունենալով նպաստելու խումբ մը կառոյցներու պահպանութեան, ճանաչման եւ հանրահռչակման: