Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Հակառակ անոր որ «Արմաւիա» օդանաւային ընկերութիւնը յայտարարած էր, որ 1 Ապրիլէն պիտի դադրեցնէ թռիչքները եւ սնանկացման հոլովոյթ պիտի սկսի, սակայն արդէն երէկ իսկ դադրեցան անոր թռիչքները:

Մասնաւորաբար՝ «Արմենիա միջազգային օդակայաններ» ընկերութեան կայքէջին վրայ թռիչքներու ցուցակներուն «Մեկնում» եւ «Ժամանում» բաժիններուն մէջ «Արմաւիա» ընկե- րութեան կողմէ իրականացուող թռիչքներուն դիմաց գրուած է «դիմել ընկերութեան»:

Մեկնումներուն մէջ նախատեսուած էր Տուպայ, Քրասնոտար, Մոսկուա, իսկ ժամանումներուն մէջ՝ Քրասնոտար, Տուպայ, Մոսկուա:

Ինքզինք սնանկացած յայտարարած ընկերութիւնը հաստատեց, որ թռիչքները եւ սպասարկումը դադրեցան երէկ, իսկ այսօր 1 Ապրիլին պիտի սկսին ճամբորդներու փոխ հատուցումները բաժնել: