Print
Category: Հայաստան-Արցախ

Ամբողջ հայաշխարհի մէջ կը տօնուի Զատիկը այս Կիրակի 31 Մարտին: Յունաստանի մէջ Մայիս 5ին պիտի տօնենք Ս. Զատիկը:

Ամենայն Հայոց Գարեգին Բ. կաթողիկոսին հանդիսապետութեամբ երէկ Աւագ Հինգշաբթի օրուայ խորհուրդներէն մէկը կատարուած է Էջմիածինի մայր տաճարին մէջ՝ Ոտնլուայի արարողութիւնը: Արարողութեան ընթացքին ընթերցուած են Սուրբ գիրքէն հատուածներ, ապա Յովհաննէս Պլուզ վարդապետի «Սիրոյ մասին» խրատը, որմէ ետք կաթողիկոսը խաչով ու Աւետարանով օրհնած է խորանին վրայ դրուած ջուրը եւ իւղը: Ապա Յիսուս Քրիստոսի օրինակով, Ամենայն Հայոց կաթողիկոսը ծունկի եկած է լուացած ու իւղով օծած է ոտքերը տասներկու անձերու: